ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ ԲԵՐԿՐԱՆՔԸ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան միլիոնաւոր քաղաքացիները շաբաթավերջին ապրեցան դարադարձի բերկրանքը։ Պատմական հրճուանքի մթնոլորտը եկաւ գործնականօրէն ազդարարել «Թուրքիոյ դարու» մեկնարկը։ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական փայլուն տօնակատարութիւնները շաբաթավերջին բովանդակ երկրէն ներս աննախընթաց մթնոլորտ մը ստեղծեցին՝ դառնալով մեծ համախմբման հարթակ մը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան 100-ամեակի պատմական պատգամին մէջ շեշտեց, որ Թուրքիան այսօր անտէրներու տէրը դարձած երկիր մըն է՝ Մեծն Աթաթիւրքի երազանքներուն համապատասխան։
Նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ առաւօտ, պետական աւագանին յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի յուշադամբանը։ Օրուան տեւողութեան «Անըթքապիր»ը միլիոնաւորներու ժամադրավայրը հանդիսացաւ՝ որպէս երախտագիտութեան դրսեւորման վայր։ Կէսօրուան ժամերուն, Պեշթեփէի համալիրէն ներս, նախագահ Էրտողան հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ ընդունեց 29 Հոկտեմբերի առթիւ շնորհաւորութիւնները։ Այս առթիւ ան մի առ մի ձեռնուեցաւ պետական աւագանիէն դէմքերու, բարձրաստիճան դիւանակալներու, օտարերկրեայ դիւանագէտներու, բանակի հրամանատարական կազմի, հասարակական գործիչներու, ակադեմականներու, արուեստագէտներու, գործարարներու, մտաւորականներու եւ երկրի բոլոր խաւերէն ներկայացուցիչներու հետ՝ ներառեալ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները։
Յետմիջօրէին յոբելենական ծրագիրը շարունակուեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Նաւատորմը զօրահանդէս մը կատարեց Վոսփորի մէջ՝ 100 ռազմանաւներով՝ մինչ ռազմաօդանաւներն ալ մասնակցեցան զօրահանդէսին։ Նախագահ Էրտողան «Վահտետտին» ապարանքէն հետեւեցաւ զօրահանդէսին եւ բարեւեց զօրքերը։ Վոսփորի երկու ափերուն զօրահանդէսին հետեւեցան նաեւ միլիոնաւոր հայրենակիցներ, որոնք ողջունեցին Հանրապետութեան դարադարձն ու ռազմաօդային եւ ռազմածովային զօրքերը։
Նախագահ Էրտողան «Վահտետտին» ապարանքին մէջ հանդէս եկաւ նաեւ խանդավառ ելոյթով մը։ «Հանրապետութիւնը մեզի համար ներշնչանքի աղբիւր է։ Մուսթաֆա Քեմալի երազանքները կեանքի կոչած վարչակազմ մը ըլլալով՝ մեր Հանրապետութեան գոյութեան երկրորդ հարիւրամեակը կը թեւակոխենք՝ «Թուրքիոյ դարու» տեսլականով։ Հանրապետութիւնը այս աշխարհագրութեան մէջ մեր կողմէ ստեղծուած ո՛չ թէ առաջին, այլ վերջին պետութիւնն է։ Մենք չենք մերժեր մեր ժառանգութիւնը եւ մեր փառապանծ անցեալի իւրաքանչիւր հանգրուանը կ՚ընդունինք գրկաբաց։ Արմատական պաշար մը ունենալու հպարտութեամբ կ՚իրականացնենք տօնախմբութիւններ։ Անցեալէն թէ՛ դասեր կը քաղենք եւ թէ ուժ կ՚առնենք», ըսաւ Էրտողան եւ Աթաթիւրքի խօսքերը մէջբերելով յայտնեց, որ Հանրապետութիւնը խարսխուած է հայրենիքի հազարաւոր զաւակներու արեան ու զոհողութեան հիման վրայ։
Էրտողան այս տարուան՝ Հանրապետութեան նախագահութեան Մշակոյթի եւ գեղարուեստի մեծ պարգեւին արժանացած դափնեկիրներն ալ խորհրդանշականօրէն յայտարարեց՝ 29 Հոկտեմբերին։