«ԱՀՄԱՏ»ԻՆ ԾԱՆՕ՞Թ ԷՔ
Շուրջ երեք տարի է, որ մեր վարի դրացին երեք վայրկեանը մէյ մը «Ահմա՜տ» կը կանչէ։
Բարձրաձայն կը կանչէ մեր դրացին՝ այնքան բարձրաձայն, որ բաց թէ՛ գոց դուռ-պատուհան՝ տարբերութիւն չունին. Ահմատը յամառօրէն կանչող այդ վշտագին ճիչը բոլորիս խիղճը կը տրորէ։
Ես ալ կը լսեմ ու գիտեմ, որ Ահմատին պատասխանին կամ անոր յայտնուելուն սպասող կանչ մը չէ լսածս։ Տան մէջ ըրած մեր բոլոր գործողութիւններուն հետ այլեւս զարմանալիօրէն հաւասարած այս կանչին ծանօթ եմ ես՝ շատո՜նց. օտար թուացող չորս պատերու մէջ մտերմութիւն, փրկող ձեռք, բացուող դուռ։ Այդ դուռն ալ գիտեմ ես. կեանքի դուռն է բոլոր կանչողներուն. եթէ գոցուի՝ կը լռեն։
Որքան կորուստ ու զրկանք պէտք էր գիտակցելու, թէ յատուկ հիւանդութեան մը պէտք չէ բռնուիլ սրտին խորո՜ւնկ անկիւններէն եկող կանչ մը ունենալու համար՝ հաւատածին։ Այո՛, պաշտօնապէս մտային հիւանդութեան որեւէ ախտանշան չունիմ, տակաւին, բայց կը կանչեմ ես, բարեկամներ եւ անձայն կանչերս կը տեսնեմ։
Նպատակադրուած՝ որոշ շրջանէ ի վեր երկնցուցած մազերս, նախակրթարանի տարիներուս մօրս հիւսածին պէս կը հիւսեմ, անոր գործածած վերջին անուշահոտի շիշին մէջ մնացածը հիւանդացած օրերուս չորս կողմս կը փչեմ, մօրս փայլուն քարերով վարդարանը իր մեծ մօր երբեք չհանդիպած Վահանին բարձին տակ կը պահեմ, օգուտը գիտնալով հանդերձ, Միջինքի հարսնցուներուն օրինակով, մօրս պէս՝ խնձորին կեղեւը ծայրէ-ծայր կըս-կլոր կը հանեմ…
Կանչերս կը խորանան.
Մեծ մօրս յաճախ ընթերցած հայատառ թրքերէն փոքրիկ Աստուածաշունչը կը տեսնեմ. շաբաթ կէսօրէ ետքերը, ինծի համար պարտէզէ մը չտարբերող Հալէպի գերեզմանատան խոտերուն մէջ կարմիր ու դեղին վայրի ծաղիկները կը նշմարեմ, քարերուն վրայ փորագրուած անուններուն ու թուականներուն փոշին մաքրող ջուրին կարկաչն ու հոն հանգչող հոգիները կարծես թարմացնող խոնաւ հողը կը զգամ, զարդարուն խաչերուն տակի տնակներուն մէջ քուլայ-քուլայ ծխուող խունկերուն բոյրը կը շնչեմ ու մեծ մօրս շիրիմին շուրջ՝ մօրս, մօրաքրոջս ու քեռիիս մտերմագոյն նիստերուն ընթացքին յիշած դէպքերն ու երգած երգերը կը լսեմ։
Կանչերս կը խառնուին.
Երեւան ուսանած տարիներուս որեւէ համերգէ առաջ նուագախումբի առաջին ջութակահարին տուած «լա»ն, անոր յաջորդող խմբային լարումին աղաղակն ու խմբավարը սպասող լռութիւնը կ՚ըմբոշխնեմ։
Մինչեւ քուլիսները հասնող Հալէպի սրահներուն բացուող-գոցուող աթոռներուն ճռճռոցը դեռ ականջիս մէջ կը հնչէ։
Միջնակարգի եւ երկրորդականի տարիներուն մեր հագած զինուորական տարազները (աշակերտները) զանազանող կերպասներուն, այդ օրերուն Պէյրութէն բերուած «սուղնոց անթօնինի»ներուն եւ Հալէպի սովորական խանութներուն սովորական՝ շուտով բացուելիք ու կարուելիք «պօթ»երուն տարբերութիւնները դեռ կը տեսնեմ։ Պտոյտէ մը առաջ գնուող 36 դրուագնոց ֆիլմերը, վաղուց կորսուած՝ «ինչպէ՞ս պիտի ելլեն»ը, այրող նկարներուն ափսոսանքն ու այդ հրճուանքը այսօրուան մանուկին փոխանցելու մեր անկարողութիւնը կ՚ապրիմ։
Հոսկէ-հոնկէ գիրք ապսպրելու, ծա՛նր հանրագիտարան մը շալկելու, անոր մէջէն ընդօրինակելով գիտնալու մեր տենչը կը փնտռեմ, երբ այլեւս անարժէք են հպումով մը հասանելի գիտելիքները։
Լապտերով կ՚որոնեմ երկրաշարժներու, պատերազմներու, քաղաքներու պարպումին ու քանդումին՝ ուղիղ եթերով ականատես չեղած մեր ժամանակները. վիրաւոր ու զոհուած արիւնլուայ մանուկներու նկարներու հեղեղին մէջ ահով կը կանչեմ հօրը գիրկէն աւելի՝ ամբողջ սերունդի մը խղճին մէջ ծուարած Մուհամմատ Ալ Տուրրան ու կը խորհիմ՝ վերջերս որքա՜ն աւելցած պէտք է ըլլան իր ընկերները…
Թիւի մը վերածուելով արժեզրկուած նահատակներուն պէս դեռ ինչե՜ր կը կանչեմ, կը կանչենք՝ մեր սերունդի իրօ՜ք հայեցի դաստիարակուածներս. արաբ ու հայ ըլլալու յորձանուտին մէջ հոս-հոն զարնուող մեր նկարագրի ալիքներուն մէջ նետուած ամուր խարիսխը՝ հայրենիքը, մեր երգերուն, ոտանաւորներուն ու մրցումներուն վերացական, գեղեցիկ ու անթերի հայրենիքը, առաջին ազգը, առաջին պետութիւնը, հոգեւոր յաղթանակը, ամենա ասինչը, ամենա ատինչը, գլտորուող ձիւնագունդի պէս մեծցող մեր ներսի կուտակը, որուն վրայ հասան մեզ սահմանող «ախբար»ները, «լա՜ւ էլ հայերէն ես խօսում»ները, նիւթական թէ բարոյական ամենածանր դժուարութիւնները կրող, որդի թաղող հայաստանցին եւ ուսապարկը կախած, «շորթ»ով պտտող, նկարուող, հայրենիքի թանգարաններուն դրամ նուիրող եւ ԻՐ Դադիվանքին նկարը «ֆէյսպուք»ի էջին վրայ տեղադրող սփիւռքահայը կշռող նժարը՝ անհամազօր…
Անարձագանգ «Ահմատ»ները(ս) կը շարունակուին.
Կը վանեմ պատանեկութենէս մինչեւ այսօր զնգացող միասնութեան սնանկ կոչերը, երկրաչափական ամենակուռ ձեւը՝ Հայաստան-սփիւռք-Արցախ՝ խախտուած մեր «սուրբ» եռանկիւնը կը բանամ, խարխլած մեր արմատներուն ու գլխահակ մեր ինքնութեան վերեւ շրջող պարոյկներու կոյտին մէջ կը կորսուիմ…
32 տարիներու ընթացքին հետզհետէ նուազող Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան «երեք միլիոն» բնակչութիւնը, Սուրիոյ եւ Լիբանանի վերջին պատերազմներէն ետք, հոնտեղերէն ճարահատ դուրս եկողին համար արժանապատիւ կեանք ապահովող տեղ մը հասցնող պարզապէս «թրանզիթ» եղող մեր օթեւանը կը կանչեմ։
Հազարաւոր հայ երիտասարդներու արիւնով ազատագրուած, անկախացած ու նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ չճանչցուած, հազարաւոր հայ ա՜յլ երիտասարդներու կեանքեր փրկելիք՝ խաղաղութեան անփոխարինելի պայմանագրով «այլեւս գոյութիւն չունեցող» Արցախի Հանրապետութիւնն ալ պատմութեան քարտէսներուն կը յանձնեմ ու կը սարսափիմ՝ դեռ վճարելիք ունի՞նք ի գին խաղաղութեան… Եռագոյն դրօշին տակ «հանգչած» իր զաւակը այցելող մայրը կը կանչեմ ու կ՚ամչնամ մտածել՝ ի՞նչ կը պատմէ անոր։
Հինգ աստղանի պանդոկէ մը աւելի շռայլ պատրաստուած «Զինուորի տուն»ին մէջ ժպտադէմ գեղուհիներու հետ թանկօ պարող հաշմանդամ հայ զինուորներուն տեսերիզը կը դիտեմ ու զանոնք հպարտօրէն նկարողին (նկարել տուողին) կը հարցնեմ. ինչի՞ն փոխարէնն է այս պարը…
«Ահմա՜տ»…
Չեմ վհատիր, քանզի չեն ուշանար աչք ու միտք շլացնող մեր նուաճումները. գերիները կը վերադառնան, արտաքին գործոց մեր նախարարը «խաղաղութեան խաչմերուկը» կը ներկայացնէ, «Արցախ պիտի վերադառնանք», կ՚ըսեն դեսպանները, լեզուի կոմիտէն նոր նախագահ ունի (թերեւս «հոսպիտալացված պացիենտների թիվը կնվազի», չտեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը), գիրքեր, շա՜տ գիրքեր կը հրատարակուին, զիրար Dude եւ Bro կանչող Արամն ու Վահանը Թադէոս առաքեալին ու Սանդուխտ իշխանուհիին մասին կը պատմեն, տիեզերքին մէջ «Հայասաթ-1» ունինք, միջազգային մրցոյթներու մեր մետալակիրները կը փայլին, հեքթարներո՜վ ծառեր կը տնկուին, Արցախէն տեղահանուածներուն օժանդակութիւնները կը շարունակուին, Երեւանի այգիներէն մէկուն մէջ ոտքով նուագուող դաշնամուր կայ, Սեւանէն խեցգետինները դուրս կը բերուին, աշխարհի լաւագոյնն է՝ Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուած Ռուբէն Վարդանեանի հիմնած «ՏաԹեւեր» մեր ճոպանուղին…
Ահմատին անունը լսող մեր բոլոր դրացիները ամէն գնով ուզեցին հասկնալ, թէ վերջապէս՝ ո՞վ է ան, աւելի ճիշդ՝ կանչողին ի՞նչն է ան։ Ի՞նչ նշանակութիւն ունի, բայց, Ահմատ է, Մահմուտ է, Անթուան է թէ Սեւան, ի՞նչ նշանակութիւն ունի հայր է, եղբայր է, քոյր է թէ զաւակ, երբ իսկութեան մէջ կանչողին անդառնալի կորուստն է ան…
Մեր կորսնցուցածներն ենք մենք. հոնտեղերը կը թափառինք ու երբեք չեկող Ահմատին պէս, թէեւ սին ու անպատասխան՝ մեր ցաւերը կը կանչենք, անոնցմով մարդ կը մնանք ու կը շարունակենք, որովհետեւ չե՛նք կրնար չշարունակել։
Յ.Գ. Օրեր առաջ մեր ներքեւի «Հանգստեան տուն»ին մէջ ճիչեր բարձրացան, շտապ օգնութեան մեքենայ մը հասաւ իր զաւակը կանչող Եգիպտոսի վաղեմի դեսպաններէն մէկը փրկելու.
Կանչերը դադրեցան։
Բայց լռութեան մէջ զանոնք կը լսեմ ու կը թուի, որ աշխարհի բոլո՜ր «Ահմատ»ներուն ծանօթ եմ ես...
Դո՞ւք։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ