ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒՂԵՂԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՉԻՓ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ

Գիտութեան եւ թեքնոլոժիներու ներկայ ժամանակներուն երէկ դարակազմիկ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Արհեստական բանականութեան հեռանկարներուն զուգահեռ՝ երկար ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ էր մարդկային ուղեղին միջամտելու նիւթը։ Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ առաջին անգամ չիփ մը զետեղուած է մարդկային ուղեղին մէջ։ Էլըն Մասքի կողմէ հիմնադրուած «Նէօրալինք» ընկերութեան կողմէ կատարուեցաւ այս յայտարարութիւնը, որու մէջ շեշտուեցաւ նաեւ, որ առաջին արդիւնքները յուսադրիչ են։

Ըստ Էլըն Մասքի, «Թելեփաթի» կը կոչուի այս նոր չիփը, որու առաջնահերթ նպատակն է փոխել կեանքը այն մարդոց, որոնք իրենց անդամները կորսնցուցած են։ Բաց աստի, գործիքները մտածելով հակակշռելու հետամուտ է այս չիփը։ Այսինքն, պարզապէս մտածելով հեռաձայնները կամ համակարգիչները հակակշռել հնարաւոր պիտի ըլլայ։

Այս իրադարձութիւնը, անշուշտ, աղմկարար է։ Արդարեւ, թէեւ մտածումով սարքեր կամ գործիքներ հակակշռելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, սակայն, փոխադարձաբար, մտածումները հակակշռելու չափում մըն ալ ունի։ Առկայ վէճերու մթնոլորտին մէջ առայժմ կը նշուի, որ թեքնոլոժիք բոլոր նորութիւնները ունին ինչպէս առաւելութիւններ, այնպէս ալ անպատեհութիւններ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատկան իշխանութիւնները անցեալ տարուան մայիսին հաւանութեան արժանացուցած էին «Նէօրալինք»ը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2024