ՆՈՒԱՍՏԱՑՈՒՑԻՉ ՊԱՀԱՆՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութիւնը վերջերս մտահոգութեամբ արձագանգեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ երկրի Սահմանադրութիւնը փոխելու վերաբերեալ յայտարարութեան։ Կուսակցութեան փոխ-նախագահ Լեւոն Զուրաբեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ մեկնաբանեց Փաշինեանի յայտարարութիւնները՝ մանաւանդ, որ փոփոխութիւնը առաջարկուած Սահմանադրութեան մէջ յղում կայ Անկախութեան հռչակագրին։ Լեւոն Զուրաբեան համոզուած է, թէ Նիկոլ Փաշինեանի առջեւ, ըստ էութեան, վերջնագիր մը դրուած է։ Արդարեւ, Անկախութեան հռչակագրի երկու կէտին վերաբերեալ երկու պետութիւն առարկութիւն ունի։ Անոնցմէ մին Թուրքիան է, որ կ՚ընդդիմանայ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատար կանգնելու վերաբերեալ կէտին։ Միւսը Ատրպէյճանն է՝ հռչակագրի նախաբանին մէջ տեղ գտած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման մասին դրոյթին պատճառով։

«Համաձայնեցուած նման պահանջը կատարել ամենամեծ հարուածն է մեր ինքնիշխանութեան», ըսաւ Լեւոն Զուրաբեան եւ աւելցուց, որ Նիկոլ Փաշինեան ներկայիս ժողովուրդին առջեւ կը ծածանէ գլխաւոր դրօշակ մը, որով կը պայքարի Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան համար։ «Այսինքն, ինքը պատրաստ է Ատրպէյճանին ամէն ինչ զիջել՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը, ինչ որ ըրաւ, բայց ինքնիշխանութեան որեւէ սանթիմեթր չի զիջեր, ասոր համար ալ կը մերժէ, ըսենք, այն կէտը, որ կապուած է Մեղրիի ճանապարհի այդ լուծման հետ։ Հիմա կը պարզուի՝ ինքը պատրաստ է այլ պետութեան ճնշման ներքեւ Սահմանադրութիւնը փոխելու։ Աւելի մեծ հարուած ինքնիշխանութեան դէմ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ ինքնիշխանութիւնը կը նշանակէ՝ քու անկախութիւնը եւ քու ինքնուրոյնութիւնը՝ հիմնական օրէնք, Սահմանադրութեան նման կարեւոր փաստաթուղթի մը ընդունման հարցին մէջ», շարունակեց Զուրաբեան։

«Պարզ ճշմարտութիւնը հետեւեալն է. Ատրպէյճանը նուաստացուցիչ պահանջ կը ներկայացնէ Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնք պատրաստ են այդ նուաստացուցիչ պահանջը կատարել», եզրափակեց Լեւոն Զուրաբեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2024