Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՉՈՒԼԵԱՆ ՎԵՐԱՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան վերանշանակուեցաւ իր պաշտօնին։ Վերջերս աւարտած էր պայմանագիրով սահմանուած իր պաշտօնավարութեան ժամկէտը։ Ուստի, նոր մրցոյթ մը կազմակերպուեցաւ տնօրէնի պաշտօնին համար։ Արդիւնքին Աննա Չուլեան մրցոյթէն յաղթական դուրս գալով իրաւունք շահեցաւ շարունակելու իր պաշտօնավարութիւնը։
Աննա Չուլեանի վերանշանակումը առիթ կ՚ընձեռէ, որպէսզի Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս վերջին տարիներուն ձեռնարկուած արդիւնաւէտ ծրագիրները շարունակուին հետեւողականօրէն։ Արդարեւ, գրադարանը վերջին տարիներուն նկատելի ոստում կ՚արձանագրէ թէ՛ թուայնացման ծրագիրներուն եւ թէ իր մօտ ի պահ դրուած արժէքներու հրապարակաւ վերարծարծման առումով։
Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2024