Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներուն հերթական հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ այսօր։ Սա կը հանդիսանայ իր տեսակին մէջ 6-րդ շփումը։ Բանակցութիւնները նախատեսուած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Իջեւան-Ղազախ հատուածէն ներս։ Բանակցութիւններու նախորդ փուլի հանդիպումն ալ նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցած էր։
Հայաստանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովին գլուխը կը գտնուի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան։ Ատրպէյճանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովը կը գլխաւորէ Շահին Մուսթաֆաեւ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը կը շարունակեն սահմանազատման հարցերու քննարկման, կ՚անդրադառնան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային շարք մը հարցերու։
Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2024