ԹՈՒՐՔԻԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՍԳԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ
Թուրքիա երէկ դարձեալ մեծ ցաւ ապրեցաւ նահատակներու վերաբերեալ լուրերով, որոնք այս անգամ հասան Վանէն, Շըրնաքէն եւ Սիլոփիէն։
Վանի մէջ ձեռակերտ ռումբ մը պայթեցուեցաւ եւ այս դէպքին հետեւանքով երկու ոստիկան նահատակուեցաւ։ Շըրնաքի մէջ ալ ահաբեկիչներու կողմէ բացուած կրակին զոհ գնաց ոստիկան մը՝ յատուկ գործողութիւններու խումբէն։ Իսկ Սիլոփիի մէջ երէկ երեկոյեան ժամերուն ոստիկանական ինքնաշարժի մը երթեւեկութեան ճանապարհին վրայ պայթեցուեցաւ ռումբ մը։ Չորս քաղաքացիներ զոհ գացին այս դէպքին։ Նոյն պայթումին հետեւանքով վիրաւորուեցաւ քսաներեք հոգի՝ հինգը ոստիկան։
Միւս կողմէ, անվտանգութեան ուժերն ալ անընդհատ կը շարունակեն պայքար մղել ահաբեկչութեան դէմ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Հիւսիսային Իրաքի մէջ ռազմաօդային ուժերը ազդու գործողութիւններ կատարած են անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ։ Ոչնչացուած են անոր հինգ թիրախները։ Բաց աստի, Մարտինի Նուսայպին գաւառակին մէջ չորս թաղամասերէ ներս ձեռնարկուած գործողութիւններուն ընթացքին սպաննուած է ահաբեկչական կազմակերպութեան շրջանի պատասխանատուն։
Միւս կողմէ, թրքական զօրքերը կը շարունակեն թնդանօթներով հարուած հասցնել նաեւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ, որու 58 թիրախները ոչնչացուած են վերջին օրերուն։