ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆՆ Է, Ո՛Չ ԹԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան տակաւին կը շարունակէ այլատեաց հռետորաբանութիւնը հայերու դէմ, կը խախտէ հրադադարը եւ կը հրաժարի ռազմագերիները վերադարձնելէ։

Հնդկաստանի «ՎԻՈՆ» լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին մէջ ան դիտել տուաւ, որ Հարաւային Կովկասէ ներս իրավիճակը կը շարունակէ մնալ անկայուն եւ լարուած։ 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած պատերազմի յետցնցումները տակաւին կ՚ազդեն Հայաստանի եւ ամբողջ տարածաշրջանի վրայ։ Թէեւ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները դադրած են Ռուսաստանի միջնորդած եռակողմանի հրադադարի յայտարարութիւնով, սակայն շատ հարցեր տակաւին չեն լուծուած։

«Բացայայտ կերպով խախտելով եռակողմանի յայտարարութեան դրոյթները եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, նաեւ անտեսելով միջազգային հանրութեան յստակ կոչերը՝ Ատրպէյճան կը հրաժարի ազատ արձակելէ հայ ռազմագերիները եւ պատանդները։ Այլ խնդիր մըն է պատերազմէ յետոյ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէ ներս հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման, պղծման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման իրական վտանգը։ Ատրպէյճան կը խոչընդոտէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գնահատման առաքելութեան գործուղղումը հակամարտութենէն տուժած տարածքներ, ինչ որ կրնար օգնել լիակատար ոչնչացումէ պաշտպանել հայկական ժառանգութիւնը», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։

Հարցազրոյցի տեւողութեան նախարարը դիտել տուած է, որ Պաքու տակաւին կը շարունակէ այլատեաց հռետորաբանութիւնը հայերու դէմ։ Բաց աստի, տակաւին հոգեբանական ահաբեկչութիւն կ՚իրականացուի Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ։ Բարձրախօսերով կոչեր կը հնչեցուին, որպէսզի անոնք լքեն իրենց տուները։ Այլապէս, կը սպառնան, որ պիտի ստիպեն լքել։ Արարատ Միրզոյեան յիշեցուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կազամատակարարման դադրեցումը ձմրան ծանր պայմաններուն։ Ի լրումն այս բոլորին, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տակաւին հրադադարի խախտումներ տեղի կ՚ունենան։ Վերջին դէպքը անցեալ մարտի 24-ին էր։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը ներխուժեցին Լեռնային Ղարաբաղի Փառուխ գիւղը։

«Այնուամենայնիւ, մենք կը կարծենք, թէ լուծումը խաղաղութիւնն է եւ ոչ թէ պատերազմը։ Հայաստան կը շարունակէ իր ջանքերը, որոնք ուղղուած են տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման։ Մենք բազմիցս յայտարարած ենք բանակցութիւններու սկսիլ Ատրպէյճանի հետ համապարփակ խաղաղութեան շուրջ։ Սա կը ներառէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական կարգաւորումը՝ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութիւնով եւ վերջնական կարգավիճակով հանդերձ», նշեց Միրզոյեան։

Յիշեցնելով վերջին շրջանի բարձր մակարդակի դիւանագիտական շփումները՝ Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ եթէ Ատրպէյճան շինիչ մօտեցում ցուցաբերէ ու զերծ մնայ գործընթացի տեւողութեան խոչընդոտներ ստեղծելէ, ինչպէս անցեալին քանիցս ըրած է, ապա կարելի է յառաջ շարժուիլ։

Հարցումի մը պատասխանելով՝ ան յայտնած է, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Փաքիստանէն վարձկաններ աջակցած են Ատրպէյճանին։ Վարձկաններու մեծամասնութիւնը տեղափոխուած է Մերձաւոր Արեւելքէն եւ այս հանգամանքը հաստատուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու հետախուզական ծառայութիւններուն կողմէ։

Հնդկական լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին մէջ Արարատ Միրզոյեան պատասխանած է նաեւ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վերաբերեալ հարցումի մը։ Ան յիշեցուցած է մօտաւոր անցեալին Անթալիա տուած այցելութիւնը, որու ընթացքին տեսակցած էր Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ «Կը կարծենք, թէ կարգաւորման հասնելու համար անհրաժեշտ են քաղաքական կամք եւ յստակ քայլերու ձեռնարկելու պատրաստակամութիւն։ Հայկական կողմը բազմիցս երկուքն ալ ցուցաբերած է եւ նոյնը կ՚ակնկալէ թրքական կողմէն։ Հակառակ բոլոր ռիսքերուն եւ փխրունութեան մեր տարածաշրջանէն ներս խաղաղ զարգացման դարաշրջան բանալու հնարաւորութիւն կայ եւ Հայաստան պիտի շարունակէ իր ջանքերը՝ նպաստելու համար այդ հնարաւորութեան իրականացման», նշեց Արարատ Միրզոյեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2022