ԹՈՅԼՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի «FlyOne Armenia» օդային ընկերութիւնը, որ Իսթանպուլի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ թռիչքներ կ՚իրականացնէ, ստացած է այլ ուղղութիւններով չուերթներու համար ալ Թուրքիոյ օդային մարզը օգտագործելու թոյլտուութիւնը։ Վերջերս այս ընկերութիւնը որոշ ժամանակի մը համար այդ կարելիութենէն զրկուած էր՝ դէպի երրորդ երկիրներ թռիչքներու համար։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ընկերութիւնը արդէն անհրաժեշտ թոյլտուութիւնը ունեցած է։ Այսպէսով «FlyOne Armenia»ն պիտի կարողանայ վերսկսիլ Երեւան-Փարիզ եւ Երեւան-Լիոն թռիչքները։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2022