ՏԱՔ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏ

Յետպատերազմեան ծանր ցնցումներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ, Հայաստանի ներկայ ամառնամուտը կ՚անցնի բաւական տաք։ Քաղաքական հարթութեան վրայ ստեղծուած է թէժ մթնոլորտ մը, որու դրսեւորումները կը շարունակեն մնալ մտահոգիչ։ Երեւանէն ամէն օր կը հասնին դրուագներ, որոնք կը ցոլացնեն բախումներ, լարուածութիւն ու բռնութիւն։

Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութիւնը շաբաթներէ ի վեր «Դիմադրութիւն» անուանումի ներքեւ յառաջ կը տանի բողոքի շարժում մը, որու ծիրէն ներս մտահոգ քաղաքացիներու յամառ անհնազանդութիւնները կը շարունակուին անխափան։ Շաբաթավերջի Հանրապետական տօնի զուգահեռ թափ ստացած բողոքի ալիքի պայմաններուն ներքեւ ընդդիմադիր ցուցարարները երէկ կուտակուեցան կառավարական շէնքերու մօտ։ Աչալուրջ շրջանակները ցաւով հետեւեցան, թէ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ սաստիկ բախումներ ծագեցան, եղան վիրաւորեալներ, ձերբակալեալներ։

Առկայ բարդ կացութիւնով հանդերձ, իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ճամբարներու ներկայացուցիչներուն միջեւ անընդհատ կը շարունակուի նաեւ այն ամուր բանավէճը, որ լեզուակռիւէ մը անդին չ՚երթար։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2022