Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
AIWA-Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ
Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութիւնը (AIWA) այս օրերուն Երեւանի մէջ կ՚իրականացնէ իր հերթական խորհրդաժողովը։ Հարկ է նշել, որ այս առաւօտ Երեւանի մէջ սկսան հերթական խորհրդաժողովի աշխատանքները։ Իր նմաններու շարքին 9-րդն է այս խորհրդաժողովը, որ կազմակերպուած է «Արմենիա-Մարիոթ» պանդոկի համալիրէն ներս։
Խորհրդաժողովի բացման լիագումար նիստին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի կառավարութեան՝ իգական սեռէ ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան ունեցան ելոյթներ եւ պատասխանեցին մասնակիցներու հարցումներուն։
Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024