ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՎԱՐԴԱՆ ՍՐՄԱՔԷՇԸ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց զուի­ցե­րա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար, աշ­խար­հահռ­չակ «Ֆրանք Միւլ­լէր» ըն­կե­րու­թեան նա­խա­գահ Վար­դան Սրմա­քէ­շը։ Ծա­նօթ է, որ այս վեր­ջի­նը նախ­կին պոլ­սա­հայ մըն է ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Հա­յաս­տա­նի ա­ւագ հիւ­պա­տո­սը՝ Մար­սէյ­լի մօտ։ Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան բարձր գնա­հա­տեց Վար­դան Սրբմա­քէ­շի ներդ­րու­մը Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, Սրմա­քէ­շի կող­մէ ձեռ­նար­կուած բո­լոր ծրագ­րե­րը կը նպաս­տեն երկ­րի տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման ու նոր աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րու ստեղծ­ման։ Վար­չա­պե­տը կա­րե­ւո­րեց նաեւ «Հին Ե­րե­ւան» ծրագ­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը զուի­ցե­րա­հայ յայտ­նի բա­րե­րա­րին գան­ձատ­րու­մով։ Այս նպա­տա­կին հա­մար պի­տի ներդ­րուի շուրջ 150 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար։

Իր կար­գին, Վար­դան Սրմա­քէշ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նին եւ ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խան­շած ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներն ու գե­րա­կա­յու­թիւն­նե­րը հա­մո­զիչ են ի­րեն հա­մար։ Վար­դան Սրմա­քէշ վստահ է, որ Հա­յաս­տան ու­նի մեծ ա­պա­գայ։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Սրմա­քէշ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց զա­նա­զան ծրագ­րե­րու մի­ջո­ցաւ նպաս­տել Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի զար­գաց­ման, նոր աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րու ստեղծ­ման եւ տնտե­սա­կան աշ­խու­ժու­թեան ա­պա­հով­ման։ 

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­ռանձ­նա­պէս կա­րե­ւո­րեց նաեւ Վար­դան Սրմա­քէ­շի կող­մէ Ար­ցա­խի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րե­րը։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց այս հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին հա­մար։ Աբ­րա­հա­մեան հա­մո­զուած է, որ ի­րա­կա­նա­ցուե­լիք բո­լոր ծրագ­րե­րը պի­տի ու­նե­նան մեծ ար­դիւնք­ներ։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան քննար­կուե­ցան շարք մը հար­ցեր, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ նա­խա­տե­սուած ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րե­րուն։

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2015