ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՔՐԴԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՄԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ծրագ­րա­ւոր­ման նա­խա­րար Ա­լի Սին­տին, որ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րը՝ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ար­տա­յայ­տեց այն հա­մո­զու­մը, թէ իր այ­ցե­լու­թիւ­նը նոր թափ մը պի­տի տայ Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­քի, մաս­նա­ւո­րա­պէս Ի­րա­քեան Քիւր­տիս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման։ Վար­չա­պե­տին խօս­քե­րով, Ե­րե­ւան կը կա­րե­ւո­րէ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի հետ երկ­կող­մա­նի կա­պե­րու ընդ­լայ­նու­մը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ ա­պա­ցոյց մըն է նաեւ Էր­պի­լի մէջ հայ­կա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան մը հաս­տա­տե­լու ո­րո­շու­մը։

Ա­լի Սին­տի շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար եւ փո­խան­ցեց քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ Նե­չիր­վան Պար­զա­նիի ջերմ ող­ջոյն­ներն ու բա­րե­մաղ­թան­քը՝ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տին ու կա­ռա­վա­րու­թեան, նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դին։ Ան նշեց, որ ի­րենք շա­հագրգ­ռուած են Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րաց­մամբ եւ իր այ­ցե­լու­թեան նպա­տակն է ու­սում­նա­սի­րել Հա­յաս­տա­նի ներդ­րու­մա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ հայ գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ քննար­կել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը։

Զրու­ցա­կից­նե­րը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան ներ­կայ մա­կար­դա­կին կա­պակ­ցու­թեամբ ու կա­րե­ւո­րե­ցին ա­ռեւտ­րա-տն­տե­սա­կան կա­պե­րու աշ­խու­ժա­ցու­մը, փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ բնա­գա­ւառ­նե­րու բա­ցա­յայ­տու­մը։ Տնտե­սա­կան նե­րու­ժի լիար­ժէք օգ­տա­գործ­ման ա­ռու­մով եր­կուս­տեք կա­րե­ւո­րուե­ցաւ Հա­յաս­տան-Ի­րաք միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը,  հայ­կա­կան ու քրդա­կան շրջա­նակ­նե­րու մի­ջեւ ու­ղիղ կա­պե­րու հաս­տա­տու­մը, հա­մա­ժո­ղով­նե­րու եւ այլ հան­դի­պում­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը։

Նշուե­ցաւ, թէ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին եր­րորդ նիս­տը յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան նա­խա­տե­սուած է Պաղ­տա­տի մէջ։ Այդ հա­ւա­քոյ­թը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ քննար­կե­լու երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յստակ ուղ­ղու­թիւն­նե­րը եւ կեան­քի կո­չե­լու գործ­նա­կան ծրագ­րեր։ Կող­մե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բարձր գնա­հա­տե­ցին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ու խո­րաց­ման հա­մար Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­քի դես­պա­նու­թիւն­նե­րուն ջան­քե­րը։

Ա­լի Սին­տի Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Կա­րէն Ճշմա­րի­տեա­նի եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2015