ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ՎՐԱՅ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ կը նախատեսուի հեռախօսազրոյց մը։ Իրականութեան մէջ, Էրտողան-Փութին շփումները այնքան յաճախակի էին, որ գրեթէ ընթացիկ բնոյթ ստացած էին, սակայն, վերջին շրջանին Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ստեղծուած մթնոլորտը անոնց դարձեալ տարբեր նշանակութիւն մը տալ սկսած է։ Թուրքիա-Ռուսաստան օրակարգը կը շարունակէ ծանրաբեռնուած մնալ երկկողմանի առումով, մինչ այդ միջազգային տեսակէտէ ալ այս կտրուածքով սպասումներ եւ ակնկալութիւններ ձեւաւորուած են՝ հաշուի առնելով Սեւ ծովի հացահատիկի միջանցքի գործարքի տեւականացման որոնումները։ Արդարեւ, Ռուսաստան ներկայիս դադրեցուցած է՝ ժամկէտը լրացած այդ գործարքը, իսկ Թուրքիա ջանքեր կը գործադրէ ապահովելու համար անոր հերթական անգամ երկարաձգումը։
Երէկ, Փութին տեղեկացուց, որ այս չորեքշաբթի նախատեսուած է իր հեռախօսազրոյցը Էրտողանի հետ։ Ըստ իրեն, աւելի վերջ ալ երես-երեսի հանդիպում մը կը ծրագրուի։ Այս մասին մօտաւոր անցեալին հաղորդած էին նաեւ թրքական լրատուամիջոցները։ Կը հաղորդուի, որ Էրտողան-Փութին զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն պիտի արծարծուին՝ հացահատիկի փոխադրութեան ծրագրին եւ ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթերը։ Փութին երէկ յայտնեց, որ ի զօրու մնալ կը շարունակէ այն ծրագիրը, որով կ՚ենթադրուի ռուսական կազի տարանցման ու փոխադրութեան համար Թուրքիան դարձնել հանգոյց մը։