ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՏՄԱՐԴԻ ԱՐԱՐՔԸ

Արցախի պաշարումով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ, առկայ մարդասիրական տագնապի մթնոլորտը շաբաթավերջին քիչ մը եւս խորացաւ Ատրպէյճանի հերթական տմարդի արարքով։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներէն 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեան Լաչինի միջանցքին մէջ առեւանգուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ, երբ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն զինքը բուժման համար Հայաստան տանիլ կը ջանար։ Զգայացունց այս դէպքը լայն արձագանգ ստեղծեց ու մեծ պոռթկումի պատճառ դարձաւ։ Այս առաւօտ, Երեւանի մէջ ցուցարարներ փակեցին Կարմիր խաչի Հայաստանի գրասենեակի մուտքերը։ Նոյնը երէկ պատահեցաւ նաեւ Ստեփանակերտի մէջ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իրերայաջորդ յայտարարութիւններով ահազանգ հնչեցուց դէպքին կապակցութեամբ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը դէպքը որակեց միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտում։ Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Կարմիր խաչի պաշտպանութեան տակ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչի առեւանգումը ռազմական յանցագործութիւն է։

Հայկական լրահոսին մէջ այս առաւօտ տեղ գտան Վագիֆ Խաչատրեանի դստեր յայտարարութիւնները։ Ան յայտնած է, որ տեղեակ չէ, թէ այս պահուն իր հայրը ո՞ղջ է, սիրտը դիմացա՞ծ է, կամ ոչ։ Վերջին անգամ կարգ մը աղբիւրներ հաղորդած էին, որ առեւանգեալը Պաքուի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ կը գտնուի եւ այնտեղ իր այցելութեան փութացած են Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները։

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կարգ մը քոնկրեսականներ հանդէս եկան կոչով մը՝ պահանջելով անյապաղ քայլեր, որպէսզի Արցախի մէջ ստեղծուած կանխամտածուած ու հաշուարկուած տագնապը լուծուի։

Երկուշաբթի, Յուլիս 31, 2023