ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՎՃԻՌ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ
Երեւանի «news.am» կայքէջը շաբաթավերջին անդրադարձաւ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու առաջադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ բացուած դատին՝ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ։ Կայքէջի թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին Անթիլիասի մամլոյ ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յոյս ունի, որ մինչեւ Նոյեմբեր կ՚արձակուի վճիռը։ Արդարեւ, Սահմանադրական ատեանը ընդունած է դիմումը, պահանջած է յաւելեալ փաստաթուղթեր եւ ամենայն հաւանականութեամբ այս գործին քննութիւնը պիտի սկսի յաջորդ ամիս։
Ըստ Անթիլիասի աղբիւրներուն, Յուլիսի մէջ Րամազանի տօնը եւ Օգոստոս ամսուան տեւողութեան Թուրքիոյ դատական արձակուրդը պատճառ դարձած են, որ այս դիմումին վերաբերեալ քննութիւնը երկարաձգուի։ Անթիլիասի կանխատեսումներով, քննութիւնը պիտի սկսի Սեպտեմբերին եւ հաւանական է, որ Հոկտեմբերին կամ Նոյեմբերին տրուի պատասխանը։ Սահմանադրական ատեանը պէտք է այս դիմումին պատասխանէ վեց ամսուան ժամկէտի մը մէջ։
Նկատի ունենալով, որ Բարձրագոյն դատարանը պահանջած է յաւելեալ փաստաթուղթեր, Անթիլիաս այնպէս կ՚ընդունի, թէ իր դիմումը արդէն ընդունուած է։ Հարկ է յիշեցնել, որ այս կապակցութեամբ անցեալ Յունիսին Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երդիքին տակ կազմակերպուած քննարկումներուն ժամանակ եւս եղած էր յայտարարութիւն մը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Ապրիլի 28-ին պաշտօնապէս ներկայացուցած էր իր դիմումը՝ պահանջելով Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանն ու կալուածները։