ՀԱՄԱՏԵՂ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ

Թուր­քիոյ եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին միաս­նա­բար ռմբա­կո­ծե­ցին «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ի (Ի­ՇԻՊ) դիր­քե­րը։ Այս­պէ­սով թուրք եւ ա­մե­րի­կեան զօր­քե­րը գործ­նա­կա­նօ­րէն ձեռ­նար­կած են Ի­ՇԻՊ-ի դէմ հա­մա­տեղ օ­դա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ այս կա­պակ­ցու­թեամբ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ընդ-գըծւե­ցաւ, որ Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է՝ որ­պէս­զի Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ներ­կայ պայ­քա­րը խո­րա­ցուի ա­ռա­ւել եւս։ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ստեղ­ծուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան մաս­նա­կից Թուր­քիան օ­դա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու վե­րա­բե­րեալ թեք­նիկ բնոյ­թով փաս­տա­թուղթ մըն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն ստո­րագ­րած էր Միացեալ Նահանգներու հետ։ Այս­պէս, մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան հետ Թուրք ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը ռմբա­կո­ծած են Ի­ՇԻՊ-ի թի­րախ­նե­րը, ո­րոնք կը գտնուին Սու­րիոյ մէջ։ Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տած է, որ այդ թի­րախ­նե­րը սպառ­նա­լիք մը կը նկա­տուին նաեւ Թուր­քիոյ անվ­տան­գու­թեան հա­մար։ Ընդգ­ծուած է նաեւ, որ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րը Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ ա­ռաջ­նա­հերթ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խնդիր մըն է եւ այդ պայ­քա­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի վճռա­կա­մու­թեամբ։

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ գլխա­ւո­րուած այս մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան զօր­քե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին ռմբա­կո­ծե­ցին Հա­լէ­պի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան շրջա­նի Մուն­պիճ գա­ւա­ռա­կը, ուր կը գտնուի Ի­ՇԻՊ-ի կեդ­րո­նը։ Նոյն աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան ռազ­մաօ­դա­յին զօր­քե­րը ոչն­չա­ցու­ցած են թի­րախ­նե­րը։

Ան­գա­րա­յի աղ­բիւր­նե­րը նոյն­պէս տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն նպա­տակն է Սու­րիոյ Թուր­քիոյ սահ­մա­նա­մերձ հա­տուա­ծէն ներս անվ­տանգ գօ­տի մը ստեղ­ծե­լը։ Թրքա­կան կող­մը սոյն գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ա­ռաջ­նա­հերթ նպա­տակ­նե­րէն մին կը հա­մա­րէ Ի­ՇԻՊ-ի Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նէն հե­ռա­ցուի­լը։ Որ­քան որ ալ Ո­ւա­շինկ­թը­նի հետ վերջ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յա­ցած չըլ­լայ, Ան­գա­րա յա­ճախ կ՚անդ­րա­դառ­նայ անվ­տանգ գօ­տիի մը ստեղծ­ման հար­ցին։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիա այս պա­րա­գա­յին լուրջ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ իր սահ­մա­նի անվ­տան­գու­թեան բե­րու­մով։ Այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած են, որ­պէս­զի թրքա­կան ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ պաշ­տօ­նա­պէս մուտք գոր­ծեն Սու­րիոյ օ­դա­յին մար­զը։

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2015