ՁԱԽՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Սուրիոյ ներքին պատերազմի ողբերգական մթնոլորտին մէջ Քոպանիէն խոյս տալով Թուրքիա անցած եւ Սուրուչի գաղթականաց ճամբարին մէջ ապաստան գտած երեք հայ ընտանիքներէն երկուքին ոդիսականը կը շարունակուի՝ Հայաստան հասնելու ուղղեալ ջանքերու ճանապարհին։ Ինչպէս ծանօթ է, Թովմասեաններու ընտանիքի անդամները երէկ Իսթանպուլէն Երեւան պիտի մեկնէին՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ուղեկցութեամբ։ Դժբախտաբար վերջին պահուն պատահած ձախորդութիւններ պատճառ դարձած են, որ Իսթանպուլէն դէպի Երեւան անոնց ուղեւորութիւնը յետաձգուի Չորեքշաբթի օրուան։ Ըստ Ընդհանուր Փոխանորդին կողմէ փոխանցուած տուեալներուն, երէկ, օդակայանին մէջ ծագած են փաստաթուղ-թերու վերաբերեալ հարցեր։
Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի ժամանման սրահին մէջ ալ երէկ ապրուեցան յուզիչ տեսարաններ։ Այսպէս, խումբ մը նախկին քոպանեցիներ, որոնք 1960-ականներուն ուշ ներգաղթի ժամանակ Սուրիայէն մեկնած էին Սովետական Հայաստան, երէկ օդակայան փութացած էին դիմաւորելու համար իրենց հարազատները։ Այս վերջինները Սուրիայէն Թուրքիա անցնելէ վերջ երէկ պէտք է հասնէին Հայաստան՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ուղեկցութեամբ։ Սակայն, վերջին պահուն յառաջացած ձախորդութիւնը մեծ յուսախաբութիւն պատճառեց նաեւ Հայաստանի Թովմասեաններուն։
Խանճեան գիւղի բնակիչ 60-ամեայ Վարդուհի Թովմասան-Փոլատեան եւ իր փոքր քոյրը 1960-ականներուն ներգաղթած են Քոպանիէն։ Անոնք Քոպանիի մէջ ձգած են իրենց երեք եղբայրներն ու ընտանիքները։ Ներգաղթելէ վերջ միայն երկու անգամ հնարաւորութիւն ունեցած են այցելելու Սուրիա եւ տեսնելու զանոնք։ Վերջին տարիներուն սակայն, Սուրիոյ ներքին պատերազմին հետեւանքով խզուած է անոնց կապը։ Խորհրդային տարիներուն Հայաստան ներգաղթած Թովմասեաններուն եւ գերդաստանի Սուրիոյ մէջ մնացած անդամներուն միջեւ խզուած են շփումները։ Հայաստան հասած զանազան լուրերը, ըստ որոնց ընտանիքը ապահով վայրի մը մէջ չէր գտնուեր, ծայրայեղականները գրաւած էին անոնց բնակած քաղաքը եւ ժողովուրդը դուրս դրած՝ իրենց տուներէն, Հայաստանի Թովմասեաններուն պատճառած են անհանգստութիւն եւ զանոնք մղած՝ մտահոգիչ սպասումի մը։ Վարդուհի Թովմասեան-Փոլատեան եւ իր որդիները այս պայմաններուն ներքեւ ապրած են տագնապալի օրեր։ Անոնք խոր սուգի մատնուած են տեղեկանալով, որ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը Քոպանիի շրջանին մէջ գլխատած է իրենց 45-ամեայ հարազատը՝ Յովսէփ Թովմասեանը։ Այս վերջինը Վարդուհի Թովմասեան-Փոլատեանի կրտսեր եղբայրն էր։ Իրենց ցասումը աւելցած է նաեւ այն տուեալին լոյսին տակ, թէ ահաբեկիչները Յովսէփ Թովմասեանը գլխատած են ներկայութեամբ անոր 12-ամեայ որդւոյն՝ Արամ Թովմասեանի։
Մեզի հետ զրուցելու ընթացքին Վարդուհի Թովմասեան չափազանց յուզուած էր։ Ան մէկ կողմէ կը սգար իր սպաննուած եղբօր մահը, իսկ միւս կողմէ անտեղեակ էր իր մնացեալ եղբայրներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ճակատագրէն։ Որքան որ ալ իր որդիները եւ շուրջինները կը փորձէին զինքը հանդարտեցնել՝ ըսելով, թէ միւս եղբայրները ողջ են ու շուտով պիտի ժամանեն Հայաստան, ան կը դժուարանար հաւատալ։ Վարդուհի Թովմասեան-Փոլատեան կը փափաքէր այլեւս ժամ առաջ սեփական աչքով տեսնել իր հարազատները եւ ողջագուրուիլ անոնց հետ։ Արդարեւ, ան աննկարագրելիօրէն կարօտցած էր իր հարազատները, որոնք պատերազմի պատճառով կորսնցուցած են իրենց ամէն ինչը։
Մեղք որ Թովմասեաններուն Հայաստան ժամանումը երէկ յետաձգուեցաւ կարգ մը փաստաթուղթերու վերաբերեալ նրբութիւններու բերումով։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեզի յայտնեց, որ ընտանիքի կարգ մը անդամներ ուշ հասած են օդակայան, փաստաթուղթերու վերաբերեալ խնդիրներ յառաջացած են այնտեղ, միւսներուն իրերը ետ տրուած են։ Յոյս կայ, որ մինչեւ յառաջիկայ Չորեքշաբթի լուծուին հարցերը եւ Թովմասեանները հասնին Հայաստան։
Թուրքիա ապաստանած երեք ընտանիքներէն երկուքը սկզբնական փուլին փափաք յայտնած էին Հայաստան մեկնելու։ Վերջին պահուն սակայն Թովմասեան եղբայրներէն մէկուն ընտանիքը փոխած է մտադրութիւն եւ որոշած՝ միանալ միւս հարազատներուն։ Այդ պատճառով ալ երէկ անոնց ճամբորդութիւնը չէ իրականացած։ Ծանօթ է, որ Նորին Սրբազնութիւնը այդ ընտանիքներու այցելութեան փութացած էր Սուրուչի գաղթակայանին մէջ եւ երբ անոնք փափաք յայտնած էին Հայաստան փոխադրուելու, ան դիմած էր Անգարայի եւ Երեւանի պատկան մարմիններուն, որպէսզի հնարաւոր ըլլար օգնութիւն ցուցաբերել անոնց։
Հայաստանի մէջ սուրիահայ գաղթականներու հարցերով կը զբաղի Սփիւռքի նախարարութիւնը։ Երէկ առիթն ունեցանք զրուցելու նաեւ նախարարութեան աշխատակիցներէն Լեւոն Անտոնեանի հետ, որ օդակայան փութացած էր Թովմասեանները դիմաւորելու։ Ան մեզի տեղեկացուց, թէ նախարարութիւնը «Առաքելութիւն Հայաստան» կազմակերպութեան միջոցով լուծած է Թովմասեաններու սկզբնական կացարանի հարցը։ Անոնք պիտի տեղաւորուին Երեւանի Երրորդ գիւղ արուարձանին մէջ։ Խանճեան գիւղի բնակիչ իրենց հարազատները նոյնպէս փափաք յայտնած են զանոնք հիւրընկալելու, սակայն Արմէն Փոլատեան, որու քեռիներն են Թովմասեանները, մտահոգութիւն յայտնեց, թէ իրենց համար դժուար պիտի ըլլայ հոգալ 18 հոգիի ծախսը։ Յամենայնդէպս, անոնք պատրաստ են իրենց յարկին տակ տեղ տրամադրելու Թովմասեաններուն, եթէ ուրիշ այլընտրանք մը չգտնուի։
Արմէն Փոլատեան մեզի դիտել տուաւ նաեւ, որ իր քեռիներէն մին 1990-ական թուականներու սկիզբին այցելած էր Հայաստան՝ հաստատուելու նպատակով, սակայն աւելի վերջ յարմարելու դժուարութեամբ որոշած էր վերադառնալ Քոպանի։ «Երանի մնացած ըլլար այստեղ, հրաշալի արհեստաւոր մըն է, հիմա տեղ մը հասած պիտի ըլլար, մինչդեռ այսօր ան կու գայ ամէն ինչը կորսնցուցած ըլլալով», ըսաւ Արմէն Փոլատեան։
Հայաստանի Թովմասեանները հիմա խոր յուզումով եւ անհամբերութեամբ կը սպասեն, որպէսզի Չորեքշաբթի օրուան թռիչքով Երեւան հասնին իրենց հարազատները։