ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Բանակցութիւններէն առաջ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ հանդիպում մը ունեցաւ անոնց հետ եւ ողջունեց իրենց կողմէ գլխաւորուած՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի աշխատանքներուն շարունակուիլը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորութեամբ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի երկրորդ նիստն էր երէկուանը։ Առաջինը տեղի ունեցած էր ուղղակի սահմանին վրայ։ Իսկ երէկ, Մոսկուայի մէջ կողմերը քննարկեցին կազմակերպչական եւ ընթացակարգային հարցեր։ Անոնք հանգամանալից կարծիքներ փոխանակեցին յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան կանոնակարգին եւ ապագայ աշխատանքներուն շուրջ։ Նոյն առթիւ կողմերը երախտագիտութիւն յայտնեցին ռուսական կողմին՝ այս հանդիպումը բարձր մակարդակի վրայ կազմակերպած ըլլալու համար։

Կողմերուն միջեւ պայմանաւորուածութիւն գոյացաւ՝ երրորդ հանդիպումն ալ համաձայնեցուած ժամկէտներու մէջ իրականացնելու ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, հայկական լրահոսին մէջ այսօր հրապարակուած են կարգ մը տուեալներ, ըստ որոնց Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորութեամբ յաջորդ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Պրիւքսելի մէջ։ Փոխ-վարչապետներու Պրիւքսելի հանդիպումը, ըստ նոյն աղբիւրներուն, տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2022