ԼԱՒՐՈՎ ԵՒ ՖԻՏԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆ ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍԷ ՆԵՐՍ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուայի մէջ է։ Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ ան կը հիւրընկալուի իր պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուին Անդրկովկասէ ներս Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի համագործակցութեան խորացման հեռանկարներու վերաբերեալ հարցեր։
Ֆիտան-Լաւրով բանակցութիւնները կը նախորդեն՝ յաջորդ շաբթուան սկիզբին Սոչիի մէջ նախատեսուած Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպման։ Անգարա-Մոսկուա առանցքի յարաբերութիւնները այս շրջանին միջազգային հետաքրքրութեան ալ առարկայ կը դառնան՝ մանաւանդ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան գործարքի վերսկսման որոնումներուն առումով։ Հաքան Ֆիտանն ալ այժմու Մոսկուա այցելութենէն անմիջապէս առաջ այցելած էր Քիեւ։
Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները երէկ որոշ մանրամասնութիւններ հրապարակեցին բանակցութիւններու օրակարգին մասին, մինչ Անգարայէն տեղեկացուեցաւ, որ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի նիւթերն ալ կը շօշափուին։ Այսպէս, Անդրկովկասէ ներս Անգարա-Մոսկուա համագործակցութեան խորացման հեռանկարներու շրջանակին մէջ, նախարարները կանգ կ՚առնեն Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու վերսկսման, փոխադրութեան կապերու եւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, տարածաշրջանի յետպատերազմեան վերակառուցման վրայ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկուան բանաւոր յայտարարութիւններուն մէջ հաստատեց շփումներու այս փուլի Անդրկովկասի վերաբերեալ երեսակը։
Ըստ ռուսական կողմի հաղորդագրութեան, Մոսկուայի բանակցութիւններուն ընթացքին Լաւրով մտադիր է Ֆիտանի նկատառման յանձնելու իր երկրի անհանգստութիւնը՝ Թուրքիա-Ուքրայնա ռազմաթեքնիք համագործակցութեան բերումով։ Կողմերը կը շօշափեն նաեւ Սուրիոյ եւ Լիպիայի իրադրութիւնները, իսկ երկկողմանի օրակարգին առումով այս փուլին առաջնահերթութիւն դարձած է ուժանիւթի ոլորտէն ներս ռազմավարական նախագծերու իրականացումը։