ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՏԱՐԱՆՑՄԱՆ ՆՈՐ ԾՐԱԳՐԵՐ ԿԸ ՄՇԱԿՈՒԻՆ

Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան առեւտրային կցորդ Վարդան Կոստանեան յայտարարեց, որ ներկայիս քննարկման փուլի մէջ կը գտնուի հայկական ապրանքները Իրանի տարածքով դէպի արաբական երկիրներ եւ Հնդկաստան արտածելու տարբերակը։ «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցելու ժամանակ ան անդրադարձաւ Հայաստան-Իրան տնտեսական համագործակցութեան, ազատ տնտեսական գօտիներու աշխատանքին, ապրանքաշրջանառութեան թափերուն, ինչպէս նաեւ երկկողմանի կարեւոր լոժիստիք ծրագրերուն։ Կցորդը իր արժեւորումները ներկայացուց՝ Իրանի նախագահի խորհրդական Խոճաթուլլահ Ապտիւլմալեքիի գլխաւորած պատուիրակութեան վերջերս Երեւան կատարած այցելութեան լոյսին տակ։

Վարդան Կոստանեան շեշտեց, որ Հայաստանն ու Իրանը մեծապէս կը կարեւորեն Պարսից ծոց-Սեւ ծով լոժիստիք ճանապարհով փոխադրումներ իրականացնելու հեռանկարը։ Հայկական կողմը կը ձգտի առաւելագոյնս աջակցիլ այդ վիթխարի ծրագրի իրականացման՝ մեծ նշանակութիւն տալով սեփական տարածքի օգտագործման հանգամանքին՝ տարանցիկ նպատակներով։ Քննարկման փուլի մէջ է նաեւ հայկական ապրանքները Իրանի տարածքով դէպի Հնդկաստան եւ արաբական երկիրներ արտահանելու տարբերակը։ Այս համատեսքին մէջ կողմերը որոշած են լուծումներ գտնել համատեղ ուժերով, որպէսզի այս ուղղութեամբ դիւրացուին ընթացակարգերը։

Առեւտրային կցորդը յայտարարութիւններուն մէջ առանձնապէս անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Իրան «Կազ՝ ելեկտրական ուժանիւթի դիմաց» պայմանագրի ժամկէտին երկարեցումը, ինչ որ նոյնպէս պիտի նպաստէ տնտեսական համագործակցութեան ծաւալներու աճին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2023