ՀՐԷՇԱՒՈՐ ԾՐԱԳԻՐ
Մինչ Ատրպէյճանի կողմէ պաշարուած Արցախէ ներս մարդասիրական տագնապը կ՚ահագնանայ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ յայտնեց, որ պէտք է յառաջ մղել Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն մը գործուղղելու գաղափարը։ Ան համոզուած է, թէ Ատրպէյճանի հիմնական նպատակն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը ազատել հայերէն։ «Պաքուի հրէշաւոր ծրագրի զարգացման բեմագրութիւններէն մին Լաչինի միջանցքը միակողմանիօրէն բանալն է, այսինքն թոյլ տալ Լեռնային Ղարաբաղէն մարդոց ելքը եւ թոյլ չտալ վերադարձը», ըսաւ վարչապետը։ Միեւնոյն ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ ցեղասպանութեան ու հայրենազրկման Ատրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը տեղի կ՚ունենայ միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ։ «Այդուհանդերձ, ստեղծուած իրավիճակի ելքը կը տեսնենք միջազգային դրութեան շրջանակներէն ներս Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջոցաւ։ Հարկ կը համարեմ ընդգծել, թէ միջազգային դրութիւնը տուեալ իրավիճակին մէջ կենսականօրէն անհրաժեշտ է», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ միջազգային ուշադրութեան առանցքին պէտք է ըլլան Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռները, որոնցմով Ատրպէյճան պարտաւորեցուած է ձեռնարկելու բոլոր միջոցները՝ երաշխաւորելու համար Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութեամբ անխափան տեղաշարժը։ Վարչապետը շարունակեց նաեւ քննադատական ակնարկները՝ Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հասցէին։ «Ատրպէյճան Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի ներկայութեամբ կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը սովամահութեան միջոցաւ ցեղասպանութեան ենթարկելու քաղաքականութիւնը», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտեան կառավարութեան նիստի սկիզբին։
Երէկ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած էր, որ Լաչինի միջանցքէն ներս ստեղծուած իրավիճակը Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հետեւանքն է։ Անդրադառնալով վերջերս այնտեղ հայ երիտասարդներու առեւանգման դէպքին բերումով յառաջացած անհանգստութեան՝ Զախարովա ըսաւ. «Այս համատեսքին մէջ ռուս խաղաղապահներուն վրայ պատասխանատուութիւն դնելը կը համարենք անտեղի, սխալ եւ անարդար»։
Այսպէսով, Մոսկուայէն երէկ Երեւանի ղեկավարութեան հասցէագրուած քննադատութիւններուն այս առաւօտ անձամբ պատասխանած եղաւ Փաշինեան՝ ռուսական կողմը մեղադրելով՝ ձեռնունայն դիտել իր ներկայութեամբ ձեռնարկուած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։ Զախարովային հակազդեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան։ «Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչին խորհուրդ կու տանք զերծ մնալ իրավիճակի հանգամանքներու աճպարարութենէն եւ այսպէսով իսկ իրավիճակի ա՛լ աւելի բարդացումէն», ըսաւ ան։
Նոյնպէս երէկ, ինչպէս արդէն կը սպասուէր, Ֆրանսայէն Արցախի համար ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնն ալ տեղ չհասաւ։ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան ուղեկցութեամբ, մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարներուն Ատրպէյճանի կողմէ հնարաւորութիւն չտրուեցաւ Լաչինի միջանցքը հատելու եւ Արցախ մտնելու։ Այդ շարասիւնն ալ միացաւ Հայաստանի սահմանակից Կոռնիձորի՝ միւս մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարներու շարասիւնին։ Անն Իտալկօ եւ ընկերակիցները Կոռնիձորի մէջ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեսակապով հաղորդակցեցան նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Ֆրանսական պատուիրակութիւնը ստեղծուած իրավիճակին մէջ կոչ ուղղեց Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնին, որպէսզի նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գայ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հարթութեան վրայ։ Իտալկօ օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Փաշինեանին կողմէ։ Այս իրադարձութիւններուն զուգահեռ՝ Պաքուն ալ երէկ բողոքի վերջնագիր մը տուաւ Փարիզին՝ դէպի Արցախ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու փորձին պատճառով։ Բաց աստի, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Պաքուի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներուն համար այցելութիւն մը կազմակերպեց դէպի Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհը, ուր կը սպասեն իր կողմէ՝ որպէս մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկուած ալիւրի բեռնատարները, որոնց մուտքը կը մերժուի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կողմէ։ Այդ ճանապարհը ներկայիս պեթոնէ պլոքներով եւ փշալարերով փակուած է Ռուսաստանի խաղաղապահներուն կողմէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այցելութեան մասնակից դիւանագէտներու շարքէն կը բացակային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները. երկիրներ, որոնք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներէն են։ Միւս եռանախագահ երկրի՝ Ռուսաստանի, նաեւ Թուրքիոյ դիւանագէտները մասնակցած են այցելութեան։
Իր կարգին, Մարիա Զախարովան ալ երէկ անդրադարձաւ Ֆրանսայի կողմէ ուղարկուած օժանդակութեան։ «Մոսկուա կ՚ողջունէ որեւէ նախաձեռնութիւն, որ չի հակասեր իր ջանքերուն», ըսաւ ան։ Բաց աստի, ռուս բանբերին խօսքով, որպէս միջնորդական ջանքերու մաս՝ անհրաժեշտ է հաշուի առնել հակամարտ երկու կողմերուն դիրքորոշումը, այսինքն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի շահերը։ «Առանց այս բանին իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ յառաջընթացի մը վրայ յոյս դնելը իմաստ չունի», ըսաւ ան։
Ստեփանակերտն ալ երէկ արձագանգեց Պաքուի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած վերջին մօտեցման, թէ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհի գործարկման զուգահեռ Լաչինի միջանցքն ալ կրնայ վերաբացուիլ։ Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Պապայեան BBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհը չի կրնար Լաչինի միջանցքին այլընտրանք ըլլալ։ Ըստ 2020 թուականի հրադադարի համաձայնութեան՝ միջանցքը չի կրնար փակուիլ, առաւել եւս գրաւուիլ Ատրպէյճանի կողմէ։ Ուստի, Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհը չի կրնար նախապայման մը ըլլալ Լաչինի միջանցքի լիարժէք գործունէութեան վերականգնման համար։
Իր կարգին, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեանն ալ ռուսական առցանց լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան պարագային կ՚օգտագործէ «համարկում» եզրոյթը՝ քօղարկելու համար հպատակեցման եւ յաջորդ փուլին պատմական հայրենիքէն վտարման քաղաքականութիւնը։ Իր խօսքով՝ Արցախը եղած է ամենաշահագրգիռը՝ Պաքուի հետ բանակցելու համար։ Թէեւ ռուս խաղաղապահներու միջոցաւ բազմիցս առաջարկներ ներկայացուած են, սակայն այդ բոլորը Պաքուի կողմէ անպատասխան թողուած են։
Պաշարեալ Արցախի մէջ ներքին քաղաքական անորոշութիւնն ալ կը շարունակուի։ Հայկական լրահոսին մէջ այս առաւօտ ուշադրութիւն գրաւեց, որ դարձեալ կը շրջանառուին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի մասին լուրերը, որոնք ո՛չ կը հերքուին ոչ կը հաստատուին պաշտօնապէս։