ԲԱՐՁՐ ԱՐԱՐՈՂԱԿԱՐԳ
30 Օգոստոսի յաղթանակի տօնը երէկ աւանդական շուքով նշուեցաւ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Տօնակատարութիւնները բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին ժողովուրդին մօտ։ Իսթանպուլի մէջ կատարուած տօնակատարութիւններուն մասնակից դարձան նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ 30 Օգոստոսի առթիւ կազմակերպուած երկու պաշտօնական հաւաքոյթի՝ մին առաւօտուն, իսկ միւսը երեկոյեան։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաւօտուն այցելեց Իսթանպուլի նահանգապետարանը, ուր յանուն թրքահայութեան շնորհաւորեց Յաղթանակի տօնը՝ կուսակալ Տաւուտ Կիւլի անձին մէջ։ Իսթանպուլի կուսակալի կողքին էին Ա. զօրաբանակի հրամանատար զօրավար Մեթին Թոքէլ եւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Իսկ երեկոյեան, կուսակալ Տաւուտ Կիւլի տանտիրութեամբ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ 30 Օգոստոսի տօնին առթիւ։ Պոմոնթիի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ օրուան տօնին առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ հրապարակուած շնորհաւորականը։ Այս ընդունելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Երկու հաւաքոյթներուն ալ մասնակցեցան ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները եւ անոնց հոգեւոր կեդրոններէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։