ԿԼԻՄԱՅԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ
«Foreign Policy» վերջերս ուշագրաւ հրապարակում մը ըրաւ. կլիմայի փոփոխութիւնը Մերձաւոր Արեւելքը պիտի վերածէ կեանքի համար անպիտան տարածաշրջանի մը։ Հրապարակման մէջ նշուած է, որ այս ամառ տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ արձանագրուած են ծայրայեղ բարձր ջերմաստիճաններ։ Այսպէս, յուլիսի կէսերուն Տուպայի մէջ ջերմաչափը 62 աստիճան ցոյց տուած է։ Յունիսի վերջաւորութեան Սէուտական Արաբիոյ՝ մասնաւորապէս Մեքքէի մէջ 51 աստիճանէն աւելի բարձր տաքութիւն արձանագրուած է։
Յօդուածին մէջ կը պարզաբանուի, որ ջերմաստիճանի բարձրացումը եւ ջուրի պակասը պատճառ կը դառնան տարածաշրջանի բնակչութեան՝ դէպի կեանքի համար աւելի պիտանի վայրեր գաղթին։ Հիմնական հասցէն Եւրոպան է։ Սա պատճառ կրնայ դառնալ Մերձաւոր Արեւելքի սահմաններէն շատ հեռու իրավիճակի անկայունացման։
Օդերեւութաբանութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը վերջերս հրապարակեց զեկոյց մը, ըստ որու՝ 2024-2028 թուականներուն երկրագունդի վրայ ջերմութիւնը շուրջ 1.9 աստիճանով աւելի բարձր կ՚ըլլայ՝ 19-րդ դարու երկրորդ կէսի ջերմաստիճանին բաղդատմամբ։
Կանխատեսումները մտահոգիչ են նաեւ Ափրիկէի պարագային։ Այսպէս, ըստ Համաշխարհային դրամատան՝ մինչեւ 2050 թուականը Հիւսիսային Ափրիկէէն պիտի գաղթէ 19 միլիոն մարդ, ինչ որ տարածաշրջանի բնակչութեան շուրջ 9 տոկոսին կը համապատասխանէ։ Այդ մարդիկ պիտի ջանան հաստատուիլ այնպիսի վայրերու մէջ, ուր ջերմաստիճանը աւելի ցած է եւ ջուրի պաշարները աւելի շատ են։