ՈՐՔԱ՞Ն ԿԱՐԵԼԻ Է ԿՐԿԻՆ ՓՈՐՁԵԼ
Հայաստանի բեւեռացած եւ անկայուն ներքին քաղաքական մթնոլորտին մէջ միշտ կը շարունակուին իշխանութեան եւ ընդդիմութեան գործունէութեան վերաբերեալ գնահատականները։ Նախկին երեսփոխաններէն Սամուէլ Ֆարմանեան վերջերս ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ այս կապակցութեամբ։ «Ընդդիմութեան պատասխանատուութիւնը այս իրավիճակին մէջ տասնապատիկ մեծ է։ Որքա՞ն կարելի է կրկին փորձել, յետոյ չյաջողելու համար մեղաւոր կարգել ով ուզես», նշած է ան։
Սամուէլ Ֆարմանեան, որ նախկին նախագահներէն Սերժ Սարգսեանի բանբերը եղած է, համոզուած է, թէ իշխանութեան պարագային ամէն բան պարզ է։ «Իսկ ընդդիմադիր դաշտին մէջ կա՞յ գոնէ 3-4 հոգի, որ խորութեամբ կը տիրապետէ ստեղծուած ծայրայեղ բարդ վիճակի բոլոր նրբութիւններուն՝ ներառեալ ներգրաւուած երկիրներու իրական շահերուն ու ծրագրերուն։ Միւս անհրաժեշտ նախապայմաններուն մասին նոյնիսկ չեմ խօսիր», նշած է նախկին երեսփոխանը։
Ֆարմանեան համոզուած է, թէ Հայաստան ծանր հիւանդ է։ Եթէ մէկը այս իրավիճակին մէջ ունի այդքան պատասխանատուութիւն, իմաստութիւն, համարձակութիւն, կապեր, խելք ու միջոց, որպէսզի մօտենայ վիրահատական սեղանին, պէտք չէ վիրահատարանէն դուրս գայ առանց հիւանդին կեանքը փրկելու։ «Ուղղակի իրաւունք չունի։ Ուղղակի կը դառնայ յանցակից», դիտել կու տայ Ֆարմանեան։
«Այս իրավիճակին մէջ ընդդիմութեան առաջնորդը, իմ պատկերացմամբ ժողովուրդը հրապարակ հրաւիրելէ առաջ պէտք է ի լուր հայութեան ու արտաքին աշխարհին յայտարարէ, թէ ինք կա՛մ կը հասնի հռչակուած խնդրի լուծման, կամ ալ իրեն կը տանին գերեզման։ Նոյնիսկ բանտը տարբերակ պէտք չէ ըլլայ», համոզուած է Ֆարմանեան։