ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐԻՆ ՎՐԱՅ

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը, որ կազմակերպուած էր «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ։ «Պատմամշակութային ժառանգութեան հիմնախնդիրները յետխորհրդային շրջանին» խորագրեալ այս հաւաքոյթը համախմբեց Հայաստանէն եւ արտասահմանէն գիտական կեդրոններու եւ համալսարաններու ներկայացուցիչներ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամի տնօրէն Ռոպերթ Ղազարեան գիտաժողովի սկիզբին շեշտեց, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ վերջ Ատրպէյճան պետական մակարդակով միտումնաւոր կ՚ոչնչացնէ ու կ՚աղաւաղէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։ Ան նշեց, որ այդ բանը շարունակութիւնն է Նախիջեւանի մէջ Ջուղայի հայկական գերեզմանատան ոչնչացման, որ սկսած էր տակաւին Խորհրդային Միութեան տարիներուն։

«Հայաստանի Հանրապետութեան հակառակորդները, բացի ֆիզիքական ոչնչացումէ ու նուաճումէ, ջանք չեն խնայած ու հիմա ալ չեն խնայեր՝ կեղծելու, խեղաթիւրելու համար հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը՝ հիանալի հասկնալով, թէ անցեալի մշակութային շերտերու կորուստը պիտի յանգեցնէ ինքնութեան խեղման նաեւ ներկայիս», գիտաժողովի ընթացքին յայտնեց «Օրբելի» վերլուծական-հետազօտական կեդրոնի համակարգող Միքայէլ Եալանուզեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 31, 2024