2027-ԻՆ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ

Հայաստանի մէջ 2027 թուականին տեղի պիտի ունենայ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ այս նիւթին շուրջ լրագրողներու հետ զրուցեց Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեան, որ կը գլխաւորէ նաեւ բարեփոխումներու խորհուրդը։

Նախարար Մինասեան վստահեցուց, թէ գործընթացը կը շարունակուի իր հունին մէջ։ Ամրան ամիսներուն խորհուրդի աշխատանքի խտութիւնը որոշ չափով նուազած էր, իսկ ներկայիս պատրաստութիւնները թափ կը հաւաքեն։ Ըստ նոր գոյացած ըմբռնումին՝ հանրաքուէն կը նախատեսուի 2027 թուականին։ «Սա կը նշանակէ, որ այդ բարդ փաստաթուղթին վրայ պիտի աշխատինք ո՛չ թէ հրատապ, այլ մանրամասն՝ հանրային քննարկումներով, նաեւ բոլոր մասնագէտներու հետ աշխատելով», ըսաւ նախարարը։

Շաբաթ, Օգոստոս 31, 2024