«STRATFOR»Ի ԿՈՂՄԷ ԶԵԿՈՅՑ

«Stratfor» հեղինակաւոր վերլուծական կեդրոնը վերջերս գնահատական մը հրապարակեց՝ Ատրպէյճանի Հայաստան ներխուժելու հաւանականութեան շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, առաւել հաւանական նկատուած են փոքրածաւալ ներխուժումները։ «Stratfor»ի վերլուծաբաններուն կողմէ պատրաստուած այս զեկոյցը անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսաստանի քաղաքական վերնախաւերուն կողմէ։ Զեկոյցին մէջ շեշտուած է, որ Պաքուի երազանքն է Հայաստանի տարածքով, արտատարածքային բնոյթով միջանցք մը ունենալ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ։ Զեկոյցին մէջ մատնանշուած են նաեւ զանազան հանգամանքներ, որոնք կրնան Պաքուն ստիպել՝ զերծ մնալ յարձակումներէ։ «Stratfor»ի վերլուծաբանները անհաւանական բեմագրութիւն կը նկատեն մօտալուտ ներխուժումը, բայց կան նաեւ քանի մը պատճառներ, որոնցմով Պաքու կրնայ համոզուիլ, թէ ռազմական գործողութեամբ իր նպատակին հասնիլը կրնայ լուրջ հետեւանքներ չունենալ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2023