ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՇՈՒՐՋ

Վարչապետ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու հաստատման պայմանագիր ստորագրել երեք սկզբունքներու հիման վրայ.

1- Տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչում,

2- Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացում,

3- Սահմանազատում 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագրի հիման վրայ։

Պէտք է ենթադրել, վարչապետը կարդացած է այդ հռչակագիրը եւ այնտեղ յայտնաբերած է սկզբունքներ, որոնց հիման վրայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պէտք է սահմանազատում կատարուի։ Բազմիցս արդէն ըսուած է, որ այդ փաստաթուղթը որեւէ կերպով հնարաւոր չէ մեկնաբանել՝ որպէս Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու հիմնաւորում։ Եթէ Ալմա Աթայի հռչակագիրը Ղարաբաղի հարցը փակած էր, այսպէս ըսած, «յօգուտ Ատրպէյճանի», ապա ի՞նչ իմաստ կար ստեղծել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը, որու համանախագահներու հովանիին ներքեւ երկար ու ձիգ տարիներ բանակցութիւններ վարուած են զանազան հարցերու շուրջ՝ ներառեալ Արցախի կարգավիճակը։

Բայց ամբողջ ցաւը այն է, որ նախ՝ այդ երեք սկզբունքներուն տակ կարելի է հասկնալ հազար ու մէկ բան։ Օրինակ, «հաղորդակցութիւններու բացման» տակ ռուս-ատրպէյճանա-թրքական դաշինքը մէկ բան կը հասկնայ, մենք՝ միանգամայն ուրիշ բան։ Կամ՝ որպէս «սահմանազատում» Ատրպէյճան կը մատուցէ «իր» կարգ մը գիւղերու «վերադարձ»։ Ի դէպ, զարմանալի է, որ այս մասին խօսած է նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան։ Դիւանագիտութիւնը հարցաքննութեան կամ դատական վէճի նման բան մըն է. այստեղ պէտք է լռել հակառակ կողմին ձեռնտու փաստարկներուն մասին։

Բայց, իրականութեան մէջ, ակնյայտ է, որ Ալիեւ պահանջներ ունի այդ երեք սկզբունքներէն դուրս՝ անկախ այն բանէն, թէ մենք ինչպէս կամ անոնք ինչպէս այդ սկզբունքները կը մեկնաբանեն։ Օրինակ, «վնասներու փոխհատուցում» կամ «հայկական բանակի կարողութիւններու սահմանափակում»։

Սակայն ամենասարսափելին նոյնիսկ սա չէ։ Նոյնիսկ ամենաիտէալական պայմանագրի ստորագրումէն յետոյ Պաքու, անկասկած, այդ մէկը պիտի խախտէ ու ոչ ոք պիտի կարողանայ Ատրպէյճանը «կարգի հրաւիրել»։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2023