ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀՐՃՈՒԱՆՔԷՆ ԲԱԺԻՆ ՎԻՃԱԿԵՑԱՒ ՆԱԵՒ ԹՐՔԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման դարադարձին ձօնուած յոբելենական տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Շաբաթավերջին այնքան փայլուն հանդիսութիւններ տեղի ունեցան, որ բովանդակ երկիրը տակաւին կը մնայ անոնց ազդեցութեան տակ։ 100-ամեակի տօնակատարութիւններու հրճուանքէն բաժին վիճակեցաւ նաեւ թրքահայ համայնքային շրջանակներուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական արարողութեան։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս՝ պետական բարձր արարողակարգով տեղի ունեցած շնորհաւորական հանդիսութեան մեր համայնքէն հրաւիրուած էին նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։
100-ամեակի տօնակատարութիւններու վառ հանգրուաններէն մին բնորոշեց նաեւ Իսթանպուլի մէջ Վոսփորի մեծ զօրահանդէսը, որուն եւս հետեւեցաւ նախագահ Էրտողան։ Վոսփորի Արեւելեան ափի Չենկելգիւղ թաղամասի «Վահտետտին» ապարանքէն նախագահը եւ հրաւիրեալները հետեւեցան զօրահանդէսին։ Պատմական այս գեղատեսիլ ապարանքը զետեղուած է բլուրի մը վրայ, որ կը տիրապետէ Վոսփորին։ Ուստի, այս շրջանին եւս ոգեւորութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայ էր նաեւ այս փուլին։ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու ի պաշտօնէ, բնականաբար, հետեւեցաւ զօրահանդէսին։ Մեր համայնքէն ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան, «Կիւմիւշեան» կտակի վարչութեան ատենապետ Արթուն Թեքիրօղլու, Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան եւ ընկերաբան Մերի Թաքսի Տեւէճեան։
Այսպէսով թրքահայ համայնքը 29 հոկտեմբերի տօնակատարութիւններուն մասնակցութիւն բերաւ պատշաճօրէն։