ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ՍԿԶԲՈՒՆՔ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը մաս կը կազմեն Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրներուն։ Ան յոյս յայտնեց, թէ յառաջիկային կը բացուի Թուրքիա-Հայաստան սահմանը՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար։ Բաց աստի, ան ընդգծեց, որ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան երեք հիմնական սկզբունքները համաձայնեցուած են։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումերով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ 2024 թուականի պետական պիւտճէի նախագծի սկզբնական քննարկումներու շրջանակին մէջ ան մէկտեղուեցաւ երեսփոխաններուն հետ։ Վարչապետը յոյս յայտնեց, թէ յառաջիկային կարելի կ՚ըլլայ կեանքի կոչել այն համաձայնութիւնները, որոնք յատուկ ներկայացուցիչներու քննարկումներու եւ բանակցութիւններու արդիւնքին ձեռք բերուած են։ Սա կ՚ենթադրէ սահմանի բացումը՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիր կրողներու համար։ Փաշինեան տեղեկացուց, որ քաղաքական պայմանաւորուածութեան առընթեր, ենթակառուցուածքային էական աշխատանք ալ կատարուած է։ Մարգարայի անցակէտին վրայ հայկական կողմը վերազինման ու վերականգնման աշխատանքներ կատարած է։ Ուստի, Հայաստան պատրաստ է այդպիսի զարգացումներու։
Միւս կողմէ, երէկ, Պաքուէն ալ կատարուեցան Երեւանէն հասածներուն նման յայտարարութիւններ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Էլնուր Մամետով նշեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի կէտերու մեծամասնութեան շուրջ։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին ու կը սպասէ Հայաստանի գործողութիւններուն՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ուղղութեամբ։