ՊԱՏԳԱՄՆԵՐՈՒ ԹԱՐՄԱՑՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ մէկտեղուեցաւ Եւրոմիութեան երկիրներու՝ Անգարայի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Ներկայ էր նաեւ ԵՄ-ի Թուրքիոյ առաքելութեան ղեկավար դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրուտ։
Նախարար Ֆիտան հաւաքոյթի ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիա-ԵՄ երկխօսութիւնն ու համագործակցութեան դրութիւնները պէտք է դառնան աւելի գործնական։ Ան շեշտեց նաեւ, որ Մաքսային միութեան համաձայնագիրը պէտք է այժմէականացուի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները մուտքի արտօնութիւններէ զերծ պէտք է ըլլան։ Ֆիտան շեշտեց, որ այս բոլորը Անգարայի առաջնահերթութիւններն են։ Այսպէսով ան վերահաստատեց թրքական կողմին երկար ժամանակէ ի վեր որդեգրած մօտեցումները։
Եւրոպացի դեսպաններու հետ հանդիպման ժամանակ Հաքան Ֆիտան բացատրեց նաեւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին շուրջ պէտք է ըլլալ աւելի ամուր համագործակցութեան մէջ։