ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ ՇՐՋԱՆ

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը 2023 թուականին կը թեւակոխէ իր դարադարձը։ Մինչ Հանրապետութիւնը կը դառնայ 100 տարեկան, տարուան տեւողութեան այս յոբելեանը կ՚արժեւորուի զանազան ձեռնարկներով։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ գլխաւորուած երկրի ղեկավարութիւնը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ կեդրոնանալով այս պատմական հանգրուանին վրայ։ Պետական մակարդակով որդեգրուած են 2023-ի նպատակները, որոնց իրագործման ճանապարհին կը գործադրուին մեծ ջանք ու եռանդ։

Բացի տարուան տեւողութեան նախատեսուած զանազան ծրագիրներէն, արդէն պարզ է, որ 2023 թուականին արտակարգ շուքով կը տօնախմբուի 29 Հոկտեմբերը։ Հանրապետութեան 100-ամեակի շրջանին Հանրապետութեան տօնը կ՚ունենայ բացառիկ նշանակութիւն։

Ուրեմն, բովանդակ երկիրը Նոր տարի մուտք կը գործէ այս դարադարձի բարձր տրամադրութիւնով՝ գիտակից անոր պատմական նշանակութեան։ Երկրի քաղաքացիները մէկ կողմէ տոգորուած են հրճուանքով, իսկ միւս կողմէ կ՚ամրապնդուին իրենց պատասխանատուութիւններուն մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022