21-ՐԴ ԴԱՐ, 2023-Ի ՇԵՄԻՆ
Արդէն աշխարհ 2023-ի շեմին կանգնած է եւ 21-րդ դարու գրեթէ քառորդը կը բոլորուի:
Տեւաբար մարդկային պատմութիւնը յատկանշանակութիւններ փնտռելով եւ գտնելով կը գրուի եւ կը ներկայացուի: Եւ մանաւանդ դարու մը սկզբնաւորութիւնը եւ ինքնին ընթացքն ու վերջաւորութիւնը, այսպէս ըսած, բնաբաններով ու վերնագիրներով կը ներկայացուին: Այդ մէկը կը կատարուի ո՛չ միայն պատմագէտներու, մեկնաբաններու, գրողներու, քաղաքական գործիչ-ղեկավարներու եւ ընդհանուր վերլուծողներու կողմէ՝ դիւրացնելու համար իրադարձութիւններն ու բարձրացնելու ընկալումները-ընբռնումները հասարակութիւններու կողմէ, այլ, ընդհանուր առմամբ, մարդկային պատմութեան ու պատմագիտութեան ներկայացուած ըլլալու էութենէն կը բխի այդ մէկը: Ժամանակները ունին իրենց ոգին, կառուցուածքներն ու ուղղուածութիւնները եւ ինչքան ալ մարդկային գործունէութիւնը ղեկավարէ կեանքը, ինքնին ընթացքն ու թաւալումը ունի իր գիտականութիւնը եւ յարափոփոխական բնազանցութիւնը: 16-րդ դարը ունէր իր դէպքերու, եղելութիւններու զարգացման յատկանիշները, ինչպէս նաեւ 17-րդ դարն ու բոլոր դարերը:
Բնականաբար դժուար է դար մը զատորոշել ու բնութագրել միայն գիտութեանց, քաղաքականութեանց կամ ընկերային յատկանիշներով եւ մշտապէս նախընտրելի է համայնապատկերներ գծել որեւէ դարու շուրջ: Բայց, եթէ փորձենք 20-րդ դարը հպանցիկ դիտարկել, ապա ան ինքզինք կը յիշեցնէ համաշխարհային երկու պատերազմներով ու Սովետական Միութեան քայքայումով:
Եւ եթէ փորձենք հակիրճ ամփոփել 21-րդ դարու անցեալ 22 տարին եւ առաջին քառորդ դարու գրեթէ գլտորումը՝ կը նկատենք, որ քաղաքականը ինչքան ալ ինքզինք պարզէ, ակամայ շեշտը պէտք է դրուի ներկայ մեր ժամանակներուն գերզարգացման ու արհեստագիտութեան վրայ՝ զուգահեռաբար տեսնելով գերհամաշխարհայնացումը մեր ժամանակներուն: Այս կէտերուն կողքին հոս պիտի փորձենք աւելի ընթացիկ ու ամէնօրեայ եւ տեղ մըն ալ մշակութաբանական ընկալումով ամփոփել ընդհանրապէս անցեալ 22 տարուայ յատկանիշները մեր ապրած ժամանակներուն, որոնք տարբեր պրիսմակներէ կրնան համարուիլ դրական կամ բացասական:
1. Անհատականութիւններու, անձնաւորութիւններու եւ անձնականացման ժամանակներ։ Ներկայ դարը իր կապերով, անուանականութեամբ եւ օրինակներով մեծ անձնաւորութիւններու եւ անհատականութիւններու ժամանակ է: Մեծ անհատական նուաճումներ, մեծ ասպարէզներու պատմութիւն, մեծ անհատական յաղթանակներ ամէն ասպարէզի մէջ, եւ այլն… Այս անհատականութիւններու վերառնումն ու տիրականութիւնը կը շրջանցնէ ազգութիւններն ու պետութիւնները եւ նոյն համաշխարհայնացման հէնքով անհատի յաջողութիւնն ու զարգացումը այլեւս մասամբ ազգային դատերու հետ չէ առընչուած եւ բոլոր երկիրներու քաղաքացիներու իտէալները կը կազմեն այդ յաջողակները եւ մեծամասնութիւնը մարդոց կ՚ուզէ անոնց նմանիլ: Այս ձգտումը կը յառաջացնէ առաւել եսակեդրոնութիւն, առաձնանալու, տարբերուելու եւ մինակ գործ տանելու ձգտում (չշփոթել հաւաքական աշխատանքի հետ մեծ ընկերութիւններու կարգաւորման համար. անոնց տնօրէնները, բնականաբար, անհատներ են ի վերջոյ):
2- Կատարելապաշտութիւն եւ մանրամասնութիւններու մէջ խորացում։ 21-րդ դարը մարդոց թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական կերպարներով դարձուց աւելի կատարելապաշտ եւ մարնամասնութիւններով զբաղող: Անհատներու եւ հասարակութիւններու հարստացումը ամէն ինչի մէջ բացաւ մեծ մրցակցութեան դռներ:
3. Թափանցիկութիւն, հետեւում եւ հասանելիութիւն։ Ներկայ դարը թափանցիկ է նախորդ բոլոր դարերուն բաղդատմամբ թէ՛ իր մետիայի եւ թէ՛ իր հանրային ու հասարակական կապերով եւ մանաւանդ՝ իր քաղաքականութիւններով: Այս կէտի պատճառներէն մէկը անհատի դերի բարձրացումն է, անոր նախաձեռնութիւններու առաւելագոյն դաշտի ստեղծումը եւ ընդհանուր պայմաններու ազատականացումը: Մարդիկ անհատապէս ու հաւաքականօրէն աւելի ազատ են իրենց ծրագիրները իրագործելու համար:
4. Համամարդկային ընհանուր չափանիշներ։ Երբեք համամարդկային չափանիշները յարաբերաբար այսքան որդեգրուած ու գործադրուած չեն եղած մինչեւ մեր ժամանակները: Անկախ միաբեւեռ կամ բազմաբեւեռ աշխարհակարգին եւ ի հեճուկս կրօնական ու մշակութային մեծ տարբերութիւններու, ներկայիս համամարդկային չափանիշները աւելի տարածուած են՝ սկսեալ մարդկային համաշխարհային իրաւունքներէն, հասնելով օրէնքի գերակայութեան եւ անհատական բարեկրթութեան, քաղաքավարութեան ու բարոյագիտութեան: Ընկերութիւնները հիմա աւելի կը ձգտին նմանակելու եւ օրինակ վերցնելու իրենց զարգացումներէն:
5. Մարդկային ջանքի, տինամիզմի, կառուցման արագացում ու կրկնապատկում։ 21-րդ դարը շատ արագ դար է իր ամէն ինչով եւ նոյնիսկ մարդկային յարաբերութիւնները դարձան աւելի արագ ու նպատակասլաց: Բնականաբար, ներկայ ժամանակներուն մէջ դրամատիրութեան գործօնի բարձրացում տեղի ունեցաւ եւ այդ մէկը յառաջացուց աւելի շահադիտական վիճակ, բայց նոյն ժամանակ այդ ձեւով մը մարդկութիւնը մղեց ըլլալու աւելի ստեղծարար, աշխատասէր եւ տեղ մըն ալ կարգապահ: Այո՛ այս մէկը կ՚ըդգրկէ մարդկային անյագութեան մեծացումն ալ՝ իր տեսակ մը ագահութեան վտանգաւոր հետեւանքներով, բայց տակաւին ընդհանուր զարգացման ու յառաջդիմութեան մանաւանդ պետութիւններու մակարդակով՝ դրամատիրութիւնը քայքայման ու նահանջ ապրելու նախանշաններ ցոյց չի տար:
6. Ֆեմինիզմի զարթօնք։ 21-րդ դարը կրնանք յանդգնօրէն ու առանց տատամսումի համարել կնոջական դար: Նոյնիսկ ամենայետամնաց երկիրներուն մէջ կինը սկսաւ զարթօնք ապրիլ եւ մեծ գործ տանիլ՝ տիրանալու աւելի մեծ իրաւունքներու: Ֆեմինիզմը շատ երկար նիւթ է արծարծելու, միայն բաւարարուինք ըսելով, որ ինչքան ալ կիներու ազատականացման խնդիրը անոնց ջանքերով իրականացած է կամ համաշխարհային ղեկավարման տնտեսական, ընկերային եւ տեղ մըն ալ քաղաքական շահերու վերադասաւորման արդիւնք է՝ փաստը կը մնայ փաստ, որ կիները ներկայ ժամանականերուն, այսպէս կոչուած, աստղերն են:
7. Շոպիզմի զարգացում։ Շոպիզմը կամ ցուցադրականութեան աշխարհը գերզարգացում կ՚ապրի մեր ժամանակներուն: Անոր ճիւղաւորումները շատցան եւ սկսան ընդգրկել պարզ ոճային կեանքը հասցնելով՝ մինչեւ մշակութային, ֆիլմերու, մարզաշխարհի եւ շատ մը բնագաւառներ: Շոպիզմի զարգացումը աճեցաւ նորէն հասարակութիւններու անհատական ու հանրային ճոխացումին ու հարստացման հետ: Ճոխացումի բարձրացումը բերաւ ընկերային վայելքներու այլազանութեանց եւ ընդհանուր ապրուստը դարձուց աւելի ցուցամոլ:
8. Ժողովուրդներու, հաւաքականութիւններու տեղափոխութեանց աճ։ Մեր ժամանակներու համաշխարհայնացումը բերաւ մեծ ընկերային շարժեր: Բոլոր դասակարգերը՝ սկսեալ տուժած խաւերէն, հասնելով հարուստներուն, տեւական տեղափոխութիւններու մէջ են այժմ եւ այդ մեծ շարժը, իր բոլոր անպատեհութիւններով, մեծ ու միացեալ դիմագիծ ստեղծեց: Եւ հակառակ դասակարգային տարբերութիւններուն, անվերջանալի տեղափոխութիւններն ու շարժը թեթեւցուց անհարդուժողականութիւնը ամէն տեղ ու առաքելութիւններ տուաւ զանազան մշակոյթներուն ալ:
9. Եւ վերջապէս ապագայապաշտութիւն։ Ընդհանուր մարդկութիւնը կ՚ապրի մեծ զարթօնք եւ անհատական մեծ ջանքերուն հետ հաւաքական ալ ջանք մը կայ սրբագրելու համար անցեալը եւ քաղաքականութիւններու բացասականութիւններն ու աւերները: Մարդկութիւնը բոլոր ժամանակներէ աւելի ապագայապաշտ է եւ բոլոր ժամանակներէ աւելի մղուած է ապագայ կերտելու եւ պայծառամիտ ըլլալու՝ հակառակ միջազգային յարաբերութիւններու բեւեռացումներուն եւ մշակութային հակասութիւններուն:
2023-ը, իր բոլոր դիմագրաւած դժուարութիւններով՝ ըլլան անոնք շարունակուող պատերազմներ եւ տնտեսական մեծ տագնապներ, 21-րդ դարու մարդկութեան մեծ երթին մէջ նոր տարիներէն մէկն է։ Զայն պէտք է լաւատեսաբար ընդունիլ եւ ջանք չխնայել լաւին հասնելու եւ պատմական չարագործութիւնները սրբագրելու եւ ընդհանուր սխալները վանելու համար:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
(Երեւան)