ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԷՆԹԸՆԻ ՊԼԻՆՔԸՆԸ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այս շաբաթավերջին պիտի հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Հաքան Ֆիտան նշեց, որ յունուարի 6-ին Էնթընի Պլինքըն պիտի ըլլայ իր հիւրը, այսպէս ծրագրուած է ներկայիս, եթէ վերջին պահուն փոփոխութիւն մը չըլլայ։
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ հերթական անգամ պիտի արժեւորուի Կազզէի առկայ պատերազմին ընթացքը։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան տարածաշրջանի խնդիրները, ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումը եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնայ «Ֆ-16» կործանիչներու գործարքը։ Թէեւ պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ առանձնապէս չէ մատնանշուած, սակայն միջոց մը առաջ ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրները յայտնած էին, որ Ֆիտան-Պլինքըն բոլոր շփումներուն ժամանակ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումով հանդերձ։
Էնթընի Պլինքընի այցելութեան ընդառաջ Հաքան Ֆիտան երէկ մէկտեղուեցաւ՝ Թուրքիոյ յառաջատար զանգուածային լրատուութեան միջոցներու Անգարայի ներկայացուցիչներուն հետ։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան զգուշացումներ ըրաւ՝ Կազզէի առկայ պատերազմի ընդլայնման ռիսքերուն շուրջ։ Սոյն վտանգը՝ Իսրայէլի կողմէ «Համաս»ի Պէյրութի գրասենեակին վրայ անօդաչու թռչող սարքերու միջոցաւ կատարուած յարձակման լոյսին տակ մեկնաբանելով՝ Հաքան Ֆիտան ըսաւ. «Համոզուած եմ, թէ իսրայէլացիները ինքզինքնին հազիւ կը զսպեն Լիբանանի հետ պատերազմի չմտնելու համար»։ Նախարարը համոզուած է, թէ սա կը տանի դէպի փակուղի։ «Եթէ այսպէս ըլլայ, բնականաբար, պատերազմը չի վերջանար։ Եթէ կ՚ակնկալուի խնդրին լուծումը, ապա պէտք է կեդրոնանալ խաղաղութեան ու երկու պետութեան հիմունքով լուծման տարբերակին վրայ։ Եթէ սպառնալիքները բռնութեամբ զտելու հետամուտ ըլլաք, ապա դժուար չէ նախատեսել, որ այստեղ որոշ բաներ կրնան պատահիլ», շարունակեց ան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Հաքան Ֆիտան ընդգծեց նաեւ, որ Կազզէի իրադարձութիւնները պատճառ դարձած են՝ Արեւմուտքի եւ Եւրոպայի ամբողջական վարկազրկման։ «Յաչս մարդկութեան՝ մանաւանդ յաչս մեր սերունդներուն իրենց ամբողջ վարկը վատնած եղան։ Դիւրին պիտի չըլլայ այդ վարկը վերականգնել։ Ուքրայնա-Ռուսաստան խնդրի վերաբերեալ իրենց դիրքորոշման ի հակադրութիւն, Կազզէի հարցին շուրջ բոլորովին տարբեր կէտի մը վրայ դիրքաւորուած են եւ սա երկերեսութեան գագաթնակէտն է։ Անոնք չեն խօսիր սկզբունքի, առաքինութեան եւ բարոյականութեան մասին։ Այս բոլորը ամբողջութեամբ առ ոչինչ կը համարեն։ Ես կը դիտարկեմ, որ այս բոլորը գետին կը պատրաստէ՝ շատ մեծ աշխարհառազմավարական բեկումի մը», շարունակեց Հաքան Ֆիտան։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Հաքան Ֆիտան առանձնապէս խօսեցաւ նաեւ ՓՔՔ-ի դէմ պայքարի եւ Իրաքի հետ յարաբերութիւններուն շուրջ։ Իր խօսքով՝ Անգարա եւ Էրպիլ լիարժէք համագործակցութեան մէջ են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ։ «Մասնաւորապէս ՓՔՔ-ի նիւթով մեր զգայնութիւնները կը բաժնեն։ ՓՔՔ-ն, միեւնոյն ժամանակ, Էրպիլի ղեկավարութիւնն ալ կը թիրախաւորէ։ ՓՔՔ կազմակերպութիւն մըն է, որ Թուրքիոյ դէմ ստեղծուած է։ Ան թէեւ նոյնիսկ մէկ քառակուսի մեթր տարածք չի վերահսկեր Թուրքիոյ մէջ, սակայն, այնպիսի կէտի մը հասած է, որ Իրաքի մէջ մեծ տարածքներ կը վերահսկէ», ընդգծեց Հաքան Ֆիտան եւ աւելցուց, որ այդ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Իրաքի դէմ ալ սպառնալիք մըն է։
Ան շարունակեց. «Կ՚ըսեմ, որ սա մեզի համար սպառնալիք մը չէ, այլ ձեր ինքնիշխանութեան ուղղեալ սպառնալիք մըն է։ Այստեղ հակակշիռէ դուրս զինեալ խմբաւորում մը կայ։ Մէկ ալ բարգաւաճման մասին կը խօսինք։ Ինչպէս ելմտական միջոցներ պիտի բերենք աշխարհագրութեան մը, ուր նման կազմակերպութիւններ գոյութիւն ունին»։
Հաքան Ֆիտան մեկնաբանեց նաեւ Կազզէի պատերազմին վերաբերեալ Թուրքիոյ որդեգրած խիստ դիրքորոշումը, որով երկրի ընտրուած ղեկավարութիւնը հասարակութեան զգացումներուն թարգման կը հանդիսանայ։ «Եթէ պետութիւնները անհրաժեշտ չափով խիստ դիրքորոշում չորդեգրեն եւ նախազգուշական միջոցներ ձեռք չառնեն, հանրային կարծիքները չբաւարարուին, ապա հանրային կարծիքները կրնան ուղղուիլ տուեալ նիւթը զանազան պատճառաբանութիւններով իրենք իսկ ձեռք առնել։ Սա ծայրայեղ կազմակերպութիւններուն գետին կը պատրաստէ», դիտել տուաւ նախարարը։