ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ԵՌԱԿՈՂՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի եռակողմանի համագործակցութիւնը կը խորանայ բազում ուղղութիւններով։ Այս շրջագծով նախընթաց օր Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Նինտիա Ճանելիծէի, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազի հանդիպումը։ Տեղւոյն «Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած ժողովներուն ընթացքին կողմերը քննարկեցին տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հիւրնկալ նախարարը՝ Ճանելիծէ յայտնեց, որ իրենց համագործակցութիւնը ուղղուած է տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ այս երեք երկիրներու զինեալ ուժերու հնարաւորութիւններու զարգացման։ «Մեր համագործակցութիւնը ուղղուած չէ որեւէ կողմի դէմ», ըսաւ ան։
Իսմէթ Եըլմազն ալ նշեց, որ եռակողմանի հանդիպման ձեւաչափը լաւ դրութիւն մըն է Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան, բարօրութեան եւ կայունութեան պահպանման համար։
Սոյն քննարկումներուն եւ խորհրդակցութիւններուն հիման վրայ Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Վրաստան հասած են ռազմավարական համագործակցութեան պայմանագիր մը կնքելու հանգրուանին։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճան այս բանակցութիւններուն ընթացքին միշտ օրակարգի վրայ կը բերէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։