Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
Երէկ, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ տարեկան ընդհանուր ժողովը, մասնակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, որ կը գլխաւորէ գիտական այս կառոյցին խորհուրդը։
Ակադեմիոյ նախագահութեան անցեալ տարուան հաշուետուութիւնը ներկայացուեցաւ կառոյցի նախագահին՝ Ռադիկ Մարտիրոսեանի կողմէ։
Զեկուցումներով հանդէս եկան նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս-քարտուղար Հրանդ Մատթէոսեան, նաեւ ակադեմիկոսներ՝ Գագիկ Ղազինեան, Աշոտ Մելքոնեան եւ Ռուբէն Սաֆրազտեան։ Այս երեք վերջին ակադեմիկոսներուն ներկայացուցած զեկոյցը կը վերաբերէր հայկական հարցին։
Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2015