ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ…

Քրիս­տոս Յա­րեաւ ի Մե­ռե­լոց…

Եւ ա­հա՛ դար­ձեալ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գե­րը կ՚ազ­դա­րա­րեն հո­գե­ւոր հրճուան­քի նո՛ր, վե­րա­նո­րոգ հանգ­րուան մը։ Զան­գակ­նե­րու ղօ­ղան­ջը կ՚ա­ւե­տեն Տի­րոջ Հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը։ Զա­տիկ է… Սուրբ Յա­րու­թեան լոյ­սը կը բե­րէ մե­զի այս օ­րուան այ­գա­բա­ցը։ Տի­րոջ թա­փո՛ւր ու սո՛ւրբ գե­րեզ­մա­նին լոյ­սը կը շո­ղայ հա­յու­թեան կեան­քին վրայ։ Տա­ղա­ւա­րի ցնծու­թեամբ հա­մա­կուած են Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ աշ­խար­հաս­փիւռ զա­ւակ­նե­րը, ո­րոնք զի­րար կ՚ող­ջու­նեն հա­րա­զա­տի զգա­ցու­մով, տօ­նա­կան խնդու­թեամբ եւ ա­մուր ի­րենց ան­խախտ հա­ւատ­քին մէջ։

«Գո­վեա Ե­րու­սա­ղէմ զՏէր» շա­րա­կա­նը կը հնչէ բո­լո­րի շրթնե­րէն՝ յաղ­թա­կան շեշ­տով, բո­լո­րի նկատ­մամբ բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեամբ ու մա­նա­ւանդ հա­մայն աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան ան­կեղծ մաղ­թան­քով։ Բո­լո­րի մաղ­թան­քէն, իւ­րա­քան­չիւ­րի ա­ղօթ­քէն ան­պա­կաս է խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ Այս ձգտու­մը ա՛լ ա­ւե­լի կը բիւ­րե­ղա­նայ՝ աշ­խար­հի առ­կայ պա­տե­րազմ­նե­րու, ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րու եւ ող­բեր­գա­կան այլ բա­զում ե­րե­ւոյթ­նե­րու պրիս­մա­կէն դի­տուած։ Մո­մա­վա­ռու­թիւն, հաւկ­թա­մարտ, գա­րուն. չըլ­լա՞լ լա­ւա­տես։

Այս տա­րուան տա­ղա­ւա­րը հայ-քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն ու­նի նաեւ ար­տա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն՝ 2015 թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ։ Հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ իր Գող­գո­թան ապ­րած, մահուան հո­վի­տէն ան­ցած հայ ժո­ղո­վուր­դը ար­տա­կարգ տրա­մադ­րու­թեամբ կ՚ող­ջու­նէ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նը՝ այդ ե­ղեռ­նէն դար մը անց, այդ մե՛ծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցին։ Ար­դա­րեւ, յա­րու­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի մը Ս. Զա­տիկն է այս մէ­կը։ Աշ­խար­հաց­րիւ հա­յե­րը այ­սօր նաեւ ա­ղօ­թակ­ցու­թեան, հո­գե­ւոր զօ­րակ­ցու­թեան մէջ են ի­րենց այն քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն հետ, ո­րոնք յայտ­նուած են հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու գօ­տի­նե­րէ ներս։ Բո­լո­րի սպա­սումն է, որ Սու­րիոյ, Ի­րա­քի եւ Ուք­րայ­նոյ հա­յե­րը կա­րե­նան յա­ռա­ջի­կայ տա­ղա­ւար­նե­րու ու­րա­խու­թիւ­նը լիար­ժէք ապ­րիլ՝ վե­րա­հաս­տա­տեալ խա­ղա­ղու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։ Սա ան­շուշտ միա­կող­մա­նի ակն­կա­լու­թիւն մը չէ, այլ իր մէջ կը պար­փա­կէ հա­մե­րաշ­խու­թիւն եւ գո­յակ­ցու­թիւն։

Հո­գե­ւոր ցնծու­թեամբ հա­մա­կուած հա­յու­թեան հա­յեաց­քը այս տա­ղա­ւա­րին եւս ուղ­ղուած է դէ­պի մեր Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ՝ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ լու­սա­բե­ւեռ կեդ­րո­նը՝ դէ­պի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ո­րու ան­սա­սա­նու­թեան ու պայ­ծա­ռու­թեան մաղ­թան­քը կը զու­գակ­ցի տօ­նա­կան ապ­րում­նե­րուն։ Հա­յոց ընդ­հան­րա­կան հայ­րա­պե­տը՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը վա­ղը Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ, յըն­թացս տա­ղա­ւա­րի սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րա­գին կը փո­խան­ցէ իր Սուրբ Զատ-կըւան պատ­գա­մը՝ ուղ­ղեալ իր հօ­տին։

Ու­րեմն տօ­նա­կան եր­ջան­կու­թիւ­նը ապ­րինք լիու­լի։

Քրիս­տոս Յա­րեաւ ի Մե­ռե­լոց… Ձեզ եւ մեզ մե՜ծ ա­ւե­տիս։

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2015