ՅՍՏԱԿ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան՝ յստակօրէն թիրախաւորուած «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի տագնապը հետզհետէ աւելի վտանգաւոր ու մտահոգիչ համեմատութիւններու կը հասնի։ Երէկ, Մեծ պահոց նուիրական օրերուն, Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասը հերթական անգամ յարձակման ենթարկուեցաւ։ Նկատի ունենալով, որ Իսրայէլի ոստիկանութեան ներկայացուցիչներն ալ մասնակցեցան այս արարքին՝ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները ահազանգ հնչեցուցին պաշտօնական հրատարակութիւն մը հրապարակելով։ Ներկայիս Իսրայէլի մէջ արդէն պետութեան ձեռքով բռնութեան կ՚ենթարկուի Երուսաղէմի հայկական թաղամասը, ինչ որ իսկապէս վրդովեցուցիչ կը համարուի։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Հայր Աղան Գոգճեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ժամը 11.00-ի սահմաններուն ապօրինի տեղահանման ձեռնարկած է «Կովերու պարտէզ»ի տարածքէն՝ ոչնչացնելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան գոյքը։ Միեւնոյն ժամանակ, յարձակումներ գործուած են հոգեւորականներու եւ տեղացի հայերու վրայ։ Ոստիկանութեան այս վտարման գործողութիւնը ղեկավարած է Ասաֆ Հարել անունով սպայ մը։

Երբ սպաներու խումբէն պահանջուած է հայ հոգեւորականներն ու տեղացի հայերը բռնի տեղահանելու, վտարելու, գոյքը ոչնչացնելու վերաբերեալ արտօնագիր մը ներկայացնել, անոնք որեւէ պաշտօնական փաստաթուղթ կամ դատավճիռ չեն կարողացած ներկայացնել։ Բայց եւ այնպէս, ոստիկանութեան ներկայացուցիչները շարունակած են պաշտպանել եւ աջակցիլ՝ «Կովերու պարտէզ»էն ներս հաստատուած «Zana Gardens» ընկերութեան ներկայացուցիչներուն՝ Հայոց Պատրիարքարանի գոյքը ոչնչացնելու համար։ Ապօրինի գործողութիւններու դադրեցման փորձի ընթացքին քանի մը ոստիկաններ շարունակաբար յայտարարած են, թէ եկած են արտօնագրով, սակայն բնաւ չեն կրցած ներկայացնել այդ փաստաթուղթը։ Անոնք ըսած են. «Մենք այստեղ ենք՝ պաշտպանելու համար «Zana Gardens»ի աշխատողներուն իրաւունքները»։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը, որ Սուրբ Երկրի սրբատեղեաց պահպաններէն մին է, կը վերահսկէ Հին Երուսաղէմի չորս թաղամասերէն մին՝ հայկականը։ «Մենք կ՚ակնկալենք ամբողջական պատշաճ գործընթաց մը, ինչպէս որ, իբրեւ թէ տրուած է բոլորին Երուսաղէմի մէջ եւ պատասխաններ կը պահանջենք Իսրայէլի ոստիկանութենէն եւ Իսրայէլի կառավարութենէն՝ այսօրուան իրադարձութիւններուն անոնց մասնակցութեան շուրջ», նշուած է Սուրբ Աթոռին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ Սուրբ Աթոռի աղբիւրներուն՝ աներկբայ է, որ երէկուան սադրանքները հայկական թաղամասին եւ անոր օրինական տարածքներուն դէմ նախադէպեր ստեղծելու փորձ կը համարուին։ «Մենք պիտի շարունակենք ամուր մնալ մեր դիրքերուն մէջ եւ պիտի հրաւիրենք ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաներուն ուշադրութիւնը՝ խաղաղ հայ քրիստոնեայ համայնքին դէմ այս անվերջ ոտնձգութիւններուն վրայ», ընդգծուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024