ՆԱԹՕ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆՇԷ 75-ԱՄԵԱԿԸ

ՆԱԹՕ այսօր կը նշէ իր հիմնադրութեան 75-ամեակը։ Հիւսիսատլանտեան դաշինքը, որ Երկրորդ աշխարհամարտին յաջորդած իրավիճակին մէջ 12 անդամ երկիրներով ճանապարհորդութեան դուրս եկած էր, այսօր արդէն ունի 32 անդամ երկիր։ Դաշինքի ձեւաւորման 75-ամեակին առթիւ Պրիւքսէլի մէջ կազմակերպուած է՝ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն երկօրեայ ժողովը։ Նիստերու ընթացքին Թուրքիան ներկայացուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ, որ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ Պրիւքսէլի յոբելենական հաւաքին ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Ժողովներու ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ ՆԱԹՕ այսօր երեք հիմնական մարտահրաւէր կը դիմագրաւէ։ Բնականաբար, այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ տեղ վերապահուած է Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած իրավիճակին։

75-ամեակի շրջանին դաշինքի շարքերէն ներս կարգ մը քաղաքական տեսակէտէ խոցելի վիճակներ ու դժուարութիւններ յառաջացած են։ Այս բոլորը գաղտնիքներ չեն՝ մինչ Եւրոատլանտեան անվտանգութեան առանցքն ու հիմքը համարուող ՆԱԹՕ-ն միայն այդ դերակատարութիւնով ալ չի սահմանափակուիր։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, ռազմավարական մրցակցութիւնը, Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւնները, սիպեր անվտանգութիւնը, անջրպետի վերաբերեալ իրադարձութիւնները, հիպրիտ կամ ասիմեթրիք սպառնալիքները, կլոպալ գործընկերութիւնները արդէն ծանրաբեռնուած օրակարգ մը կը ստեղծեն դաշինքին տեսակէտէ։

Միջազգային լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այժմու բարդ մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրները հաշուի կ՚առնեն նաեւ՝ յառաջիկայ աշնան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախատեսուած նախագահական ընտրութեան հաւանական արդիւնքները։ Արդարեւ, եթէ Տանըլտ Թրամփ վերընտրուի ԱՄՆ-ի նախագահ, ապա սա իսկապէս բարդ կացութիւն մը պիտի յառաջացնէ ուխտին տեսակէտէ։

Միւս կողմէ, Թուրքիան ալ կը շարունակէ ՆԱԹՕ-ի առանցքային դաշնակիցներէն մին մնալ եւ իր կարեւոր նպաստը կը բերէ դաշինքի այժմու գործունէութեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024