ՆՈՒՐԲ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս խօսակցութիւնը զուգադիպեցաւ՝ վաղը Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած եռակողմանի հանդիպման ընդառաջ։ Ծանօթ է, որ վաղը ժամադրուած են Էնթընի Պլինքըն, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Այս տեսակցութեան ընդառաջ Պաքու երկար ժամանակէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ եւ զուգահեռաբար Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն ալ սրացման լուրեր կը հասնին։ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը յաճախ կը բարձրաձայնէ, որ վաղուան եռակողմանի ժամադրութիւնը պատճառ կրնայ դառնալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր լարուածութեան։ Էնթընի Պլինքըն երէկ կրկնեց Ուաշինկթընէն եւ Պրիւքսէլէն վերջին օրերուն հակադարձուած բանաձեւումը, ըստ որու վաղուան ժամադրութիւնը ուղղուած չէ Ատրպէյճանի դէմ։ Երէկուան հեռախօսազրոյցին ընթացքին Պլինքըն Ալիեւը զգուշացուց՝ զերծ մնալ խաղաղութեան գործընթացը խաթարելու փորձերէն։
Հայկական լրահոսին մէջ ալ լայն արձագանգ գտան Պլինքըն-Ալիեւ հեռախօսազրոյցի մանրամասնութիւնները։ Այսպէս, անոնք անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացը յառաջ մղելու կարեւորութեան։ Պլինքըն զգուշացուց, որ ակրեսիւ գործողութիւններն ու հռետորաբանութիւնը կը խաթարեն խաղաղութեան հասնելու հեռանկարները։
Ամերիկեան կողմէն հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, Պլինքըն եւ Ալիեւ քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացը յառաջ մղելու կարեւորութիւնը եւ անոր տնտեսական նշանակութիւնը ամբողջ տարածաշրջանին տեսակէտէ։ Պետական քարտուղարը ընդգծեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին լարուածութեան աճը արդարացում չունի։ Ան զգուշացուց, որ որեւէ կողմէն ակրեսիւ գործողութիւն մը կամ հռետորաբանութիւնը կը խաթարեն խաղաղութեան հեռանկարները։
Էնթընի Պլինքըն անդրադարձաւ նաեւ Ուաշինկթըն-Պաքու երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւորութեան։ Ան համոզուած է, թէ գործընկերային նախաձեռնութիւններու աճը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ ներառեալ ուժանիւթի եւ կլիմայի առաջնահերթութիւնները։ Պլինքըն վերահաստատեց մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու վերաբերեալ Ատրպէյճանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու կատարման անհրաժեշտութիւնը եւ յորդորեց ազատ արձակել անարդարօրէն ձերբակալուածները։
Պրիւքսէլի վաղուան ժամադրութեան ընդառաջ Պլինքըն Փարիզի մէջ նախընթաց օր ալ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէի հետ։ Այս վերջինը յայտնեց, որ Ատրպէյճան կասկածի տակ կը դնէ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Անշուշտ, Պաքու անմիջապէս հակադարձեց Փարիզի այս յայտարարութիւններուն։ Սա թէեւ հերքում մըն էր, սակայն հերթական դրսեւորումը եղաւ Փարիզ-Պաքու առանցքին վրայ վերջին շրջանին սաստկացած բանավէճին։ Բաց աստի, երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպաստիան Լըքորնիւի եւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի միջեւ։
Տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն հետամուտ բոլոր դերակատարները անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին Պրիւքսէլի վաղուան ժամադրութեան նախորդած իրադարձութիւններուն։ Այս ամբողջին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հեռախօսազրոյցը Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս վերջինը հանդէս եկաւ նաեւ յայտարարութիւնով մը, ըստ որու Հայաստանի այժմու իշխանութիւնները կը փճացնեն Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Անշուշտ, Երեւանէն ալ արձագանգը չուշացաւ։ Վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց. «Ռուսաստանի հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ սխալ բան չենք ըրած»։
Յամենայնդէպս, Մոսկուայէն Երեւանին ուղղեալ բուռն բողոքը թափով կը շարունակուի Պրիւքսէլի վաղուան ժամադրութեան ընդառաջ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտնեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տարածքային վէճերը եւ փոխադարձ պահանջները պէտք է կարգաւորուին բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական մեթոտներով։ Մարիա Զախարովա պատասխանեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ վերջին շրջանին Մոսկուային հասցէագրուած մեղադրանքներուն։ Այսպէս, Զախարովա ըսաւ. «Հայաստան իր գործողութիւններով կը դաւաճանէ սեփական ժողովուրդին»։ Ըստ Մարիա Զախարովայի՝ Արեւմուտքը կը փափաքի, որ Հայաստան կորսնցնէ իր ինքնիշխանութիւնը, իսկ ՆԱԹՕ մշակած է Հայաստանէն ներս ռազմաքաղաքական ապակայունացման հետամուտ ճանապարհային քարտէս մը։ «Երեւան Լեռնային Ղարաբաղի հարցով որոշումները ընդունած է ՆԱԹՕ-ի ազդեցութեան տակ», պնդեց Մարիա Զախարովա։
Իր կարգին, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ «Ֆրանսա պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ Հայաստանի նկատմամբ անվտանգային հարցերու մէջ», նշեց ֆրանսացի դեսպանը։ Ըստ Տըքոթինյիի՝ Պրիւքսէլի մէջ վաղը նախատեսուած եռակողմանի հանդիպման նպատակն է Հայաստանին աջակցելու հարցին մէջ Եւրոմիութեան եւ ԱՄՆ-ի ջանքերու համատեղումը։ «Չեմ հասկնար Մոսկուայի եւ Պաքուի մտահոգութիւնները, որոնք կապուած են Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած եռակողմանի հանդիպման հետ», ըսաւ ան։
Յամենայնդէպս, Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ներս բոլոր ուժերը միանշանակ վերաբերմունք չունին այժմու իրադարձութիւններուն ու մանաւանդ՝ իշխանութիւններու կողմէ Արեւմուտքի պարագային որդեգրուած ընթացքին կապակցութեամբ։ Երէկ, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութեան ղեկավարներէն Լեւոն Զուրաբեան հանդէս եկաւ հարցազրոյցով մը։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «Եթէ Արեւմուտք երթալու յոյսի լոյս մը ըլլար, ապա Թուրքիան վաղուց պէտք է բացած ըլլար սահմանը»։