ԱՐԺԷՔՆԵՐ ԵՒ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ
Անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ 29-րդ գրքի եւ մամլոյ միջազգային տօնավաճառը։ Տեղւոյն «Փալեքսփօ» ընդարձակ համալիրէն ներս կազմակերպուած էր այս միջոցառումը, որ միջազգային գետնի վրայ ունի լուրջ ծանօթութիւն։ Հինգ օրերու վրայ տարածուած այս մեծ ձեռնարկը կեդրոնացուց Եւրոպայի ընթերցասէր շրջանակներուն ուշադրութիւնը։
Ժընեւի 29-րդ գրքի եւ մամլոյ միջազգային տօնավաճառին շրջագծով գործեց նաեւ Հայաստանի տաղաւար մը։ Ընդարձակ համալիրէն ներս իսկապէս ուրոյն անկիւն մըն էր այս մէկը, ուր մատուցուեցան բազմաբնոյթ գիրքեր, ներկա-յացուեցան Հայաստանի զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւնները, նաեւ այցելուներուն հրամցուեցան հայկական խոհանոցի համադամներ։ Տաղաւարէն ներս ձեւաւորուած փոքրիկ լսարանն ալ բազմակողմանի քննարկումներու ժամադրավայր մը հանդիսացաւ տօնավաճառի հինգ օրերուն տեւողութեան։
Շաբաթավերջին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանն ալ ասուլիսի մը մասնակցեցաւ այս տաղաւարէն ներս։ Պատասխանատուները հրաւէր ուղղած էին, որպէսզի ան մասնակցէր Թուրքիոյ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի ապագային վերաբերեալ ասուլիսի մը, որու միւս ատենախօսն էր Լիոնէն Մանուկ Փամպուքճեան։