ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ՝ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներուն հետեւանքով։ Ատրպէյճան-Լեռնային Ղարաբաղ շփման գծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին երկայնքով բախումները կը շարունակուին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, որ այցելեց Հելսինքի, Ֆինլանտիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան առընթեր, ղարաբաղեան հարցը քննարկեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Իլքա Քաներվայի հետ։ Ան ապա շփումներ ունեցաւ նաեւ Փրակի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Չեխիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած Վիշեկրատեան քառեակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ տեղեկացուց, որ Ռուսաստանէն զէնք մատակարարելու գործընթացը արդէն սկսած է։ Ըստ իրեն, հայկական բանակը կը համալրուի գիշերային տեսանելիութեամբ սարքաւորումներով։
Միւս կողմէ, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի դէպի Արցախ զօրակցութեան այցն ալ ստեղծեց լայն արձագանգ։ Ստեփանակերտի մէջ Տէր-Պետրոսեան տեսակցեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Արցախի առկայ իրավիճակը եւ շեշտուեցաւ համախումբ ու միասնական ըլլալու կարեւորութիւնը։ Տէր-Պետրոսեանի հետ էր նաեւ Բաբգէն Արարքցեան։
Ստեփանակերտի մէջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները կը գործեն հաստատակամ ու ինքնավստահ։ Ըստ իրեն, անոնք զուսպ ձեւով կ՚ընեն այն ինչ, որ անհրաժեշտ է առկայ իրավիճակին մէջ։