ԿԱՊԵՐՈՒ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ
Եւրոպայի Հանրային թղթատարական ընկերութիւններու ընկերկացութեան տարածքաշրջանային համաժողովը վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի թղթատարական ընկերութեան «Հայփոստ»ի հիւրընկալմամբ։ Վերոյիշեալ եւրոպական կառոյցը կը կոչուի PostEurope եւ այս վերջինը առաջին անգամ լիագումար ժողով մը իրականացուց տարածքաշրջանէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եռօրեայ այս ժողովներուն նպատակն էր միաւորել Եւրոպայի աւելի քան յիսուներկու թղթատարական ընկերութիւնները, գործադիր տնօրէններով ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներով հանդերձ։ Այս առթիւ օրակարգի վրայ եկան այս բնագաւառի առանցքային հարցերն ու հնարաւորութիւնները՝ նորարականութիւններու եւ թուային փորձագիտութիւններու միտումներուն համատեսքին մէջ։ Եւրոպայի թղթատարական բնագաւառի որոշում կայացնող մարմիններուն տեսակէտէ այս համաժողովը վերածուեցաւ արդիւնաւէտ հարթակի մը՝ փոխանակելու համար փորձառութիւններն ու կարծիքներ փոխանակելու համար այս բնագաւառի առաջնահերթութիւններուն կապակցութեամբ։ Ժողովականները առանձնապէս ուշադրութիւն կեդոնացուցին ելեկտրոնիկ առեւտուրի, ելեկտրոնիկ կառավարման ծառայութիւններու ոլորտէն ներս նոր հնարաւորութիւններուն ու զարգացման խթաններուն։
Երեւանի ժողովներուն մասնակցութիւն բերին Համաշխարհային թղթատարական միութեան ընդհանուր տնօրէն Պիշար Հիւսէյին, նոյն միութեան միջազգային գրասենեակի փոխ-տնօրէնը՝ Փասքալ Քլիվաս, PostEurope-ի կառավարման խորհուրդի ղեկավար Ժան-Փոլ Ֆորսեւիլ եւ ընդհանուր քարտուղար Պոթոնտ Սզեպէն։
Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան համաժողովի բացման հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Այս հերթական՝ 31-րդ համաժողովի մասնակիցները Երեւանի մէջ հիւրընկալելու շարժառիթով գոհունակութիւն յայտնելու առընթեր, նախարարը ընդգծեց, որ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու զարգացման եւ յառաջընթացի ներկայ դարուն թղթատարական կապը՝ որպէս հասարակական հաղորդակցութեան կարեւորագոյն միջոց, մեծ նշանակութիւն ունի հասարակութեան տնտեսական եւ ընկերային զարգացման տեսակէտէ։ Բեգլարեան ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը մեծ ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ այս բնագաւառի բարեփոխումերուն նկատմամբ, որոնց նպատակն է ապահովել մատչելի, հասանելի թղթատարական ծառայութիւններ, բնագաւառէն ներս հաստատել արդի թեքնիկ միջոցներ, ինչպէս նաեւ համապատասխան ծառայութիւններուն միջոցաւ զարգացնել ելեկտրոնիկ առեւտուրը։
«Հայփոստ»ի անունով արտայայտուեցաւ Խուան Փապլօ Քէչէճեան, որ ըսաւ, թէ իր ընկերութեան տեսանկիւնէն մեծ պատիւ մըն է Կովկասի մէջ առաջին անգամ հիւրընկալել PostEurope-ի լիագումար ժողովը։ Ըստ իրեն, սա իւրայատուկ հարթակ մըն է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ գիտելիքներու փոխանակման եւ համագործակցութեան միջոցներու զարագացման տեսանկիւնէն։
Իր կարգին Ժան-Փոլ Ֆորսեւիլն ալ նկատեց, որ իրենց տեսանկիւնէն պատմական կը համարուի գտնուիլ Հայաստանի մէջ։ Ան բարձր գնահատեց ցարդ «Հայփոստ»ի կողմէ արձանագրուած յառաջընթացն ու զարգացումը։
Լիագումար նիստին առընթեր Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ նաեւ գործարար ֆորում մը, որուն մասնակցեցան միջազգային մասնագէտներ եւ ոլորտի գործիչներ։ Քննարկուեցան այս բնագաւառի առկայ մարտահրաւէրները եւ լուծումներ առաջարկուեցան աւելի զարգացած ու կայուն միջավայր մը ստեղծելու առաջադրութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Երեւանի այս քննարկումները զուգադիպեցան յառաջիկայ Սեպտեմբերին կայանալիք Համաշխարհային թղթատարական միութեան համագումարի սեմին։
Համաժողովի օրերուն Գագիկ Բեգլարեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Պիշար Հիւսէյինի հետ։ Բաց աստի, «Հայփոստ»ը PostEurope-ի Երեւանի մէջ կազմակերպուած համաժողովին առթիւ թողարկեց մասնաւոր դրոշմաթուղթ մը։ Միջազգային հիւրերը եւ Հայաստանի պատկան բարձրաստիճան պատասխանատուները հանդիսաւոր մթնոլորտի մը մէջ կնքեցին այս նամականիշը։