ՍՈՒՐԻԱՆ ՆՈՐ «ՍԱՅՔՍ-ՓԻՔՕ»Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՏԱՐՐԱԼՈՒԾԱՐԱՆՆ Է
Յառաջիկայ 16 Մայիսին իր լրումին պիտի հասնի Միջին Արեւելքի համար մշակուած «Սայքս-Փիքօ» համաձայնագրին 100-ամեակը: Այս համաձայնութեամբ է, որ Օսմանեան կայսրութեան փլուզման նախօրէին Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան սեղանի վրայ դրին Միջին Արեւելքը իրենց միջեւ բաժնելու ծրագիրը: Այդ քաղաքական քարտէսին շնորհիւ եղած բաժանումները կը տեւեն ցայսօր: Ճիշդ է նաեւ, որ «Սայքս-Փիքօ» համաձայնագրի երկու հիմնական հովանաւորները այսօր առաջուան ազդեցութիւնը չունին միջինարեւելեան տարածքաշրջանին վրայ, բայց եւ այնպէս հարիւր տարուան ժամանակ մը բաւարար է, որ Սուրիան, Իրաքը, Յորդանանը, Լիբանանը եւ այլ երկիրներ տարբեր առումներով այս երկիրներու գլխաւոր արբանեակները համարուին:
Տարբեր առիթներով խօսուած է այս համաձայնագրին ժամանակավրէպութեան մասին: Համաձայնագրին հինցած ըլլալը կը պայմանաւորուի մի քանի կարեւոր ազդակներով, որոնց թուարկումը անհրաժեշտ է՝ փորձել հասկնալու համար, թէ յառաջիկայ հանգրուանին կազմուելիք նոր Միջին Արեւելքը ինչ հաւանական պատկեր կրնայ ունենալ:
Այդ հանգամանքները հետեւեալներն են.
ա.- Շրջանին մէջ ազդեցութիւն ունեցող երկիրները փոխուած են: Մինչ մօտիկ անցեալին Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան էին, որոնք կը հովանաւորէին այս տարածքները, այսօր այդ դերը տրուած է այլ երկիրներու:
բ.- Շրջանին մէջ մեծագոյն դեր ունեցող երկիրը Միացեալ Նահանգներն է:
գ. Միացեալ Նահանգներ այսօր կը գիտակցի, որ առանձինն անկարող է վարել այս տարածքաշրջանը:
դ.- Միացեալ Նահանգներու հետ ընդհանուր խաղին մասնակից են Ռուսաստանը, Իրանը, Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան:
Այս ընդհանուր վիճակներուն մէջ բացայայտ է նաեւ, որ նոր քարտէսի կազմութիւնը, կամ վերը նշուած տիրութեանց հիմնական դերերու բաշխումը կը կատարուի Սուրիոյ մէջ:
Վերը թուարկուած կէտերէն բացի կայ նաեւ տնտեսական գործօնը: Գերտէրութեանց միջեւ առկայ շահերու խաչաձեւումին հետեւանքով է, որ այսօր Միջին Արեւելքը դարձած է պատերազմի արիւնալի դաշտ: Այս առումով պէտք է նշել, որ 2010 թուականին Դամասկոսի մէջ կայացուած միջազգային համաժողովի քուլիսներուն մէջ քննարկումի դրուած է Սուրիոյ ունենալիք դերը շրջանին մէջ, թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ՛ Թուրքիոյ նախագահներուն կողմէ Պեշար Էսատին առաջարկ ներկայացուած է հեշտացնել Քաթարէն դէպի Թուրքիա հասնող նաւթատար խողովակաշարներու կառուցման առընթեր անոր աջակցութիւնը: Էսատ կտրականապէս մերժած է առաջարկը, առաջարկող կողմերուն բացատրելով, որ նման քայլ պիտի վնասէ Սուրիա-Ռուսաստան ռազմավարական յարաբերութիւնները: Այդ յարաբերութիւնները բնականաբար Էսատ ժառանգած է իր հօրմէն՝ Հաֆըզ Էսատէն, որ Խորհրդային Միութեան ամենէն վստահելի դաշնակիցն էր շրջանին մէջ: Այստեղ դաւադրութեան տեսութիւնը չէ, որ կարեւոր առանցք կը հանդիսանայ, այլ շահերու վրայ հիմնուած եւ այդ շահերու բախումներէն բխող հակասութիւնները: Սուրիոյ պատերազմը հետեւաբար արդիւնք է տնտեսական անյետաձգելի շահաբաշխումի մը, որ սակայն վերջին պահուն կը վերածուի զինուորական բախումներու՝ յետաձգելով ոչ միայն նաւաթատար խողովակաշարներու կառուցումը, այլ խլելով հազարաւոր մարդոց կեանքը եւ աւերակ-ւած վիճակի մատնելով դէպքերէն առաջ 24 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Սուրիան:
Այս տուեալներուն լոյսին տակ եւ արդէն հինգ տարիէ ի վեր ընթացող պատերազմը, բացի անկէ, որ կործանած է Սուրիոյ մեծագոյն քաղաքները, գետնի վրայ չէ յաջողած հակամարտող կողմերէն որեւէ մէկուն դրական յառաջընթաց ապահովել: Պատերազմի գնով գետնի վրայ փոփոխութիւն իրականցնելու անհնար ըլլալը այսօր լաւապէս հասկցած են Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանը, որոնց բարձրագոյն մակարդակի շփումներուն իբրեւ հետեւանք՝ կարելի եղած է այսօր «անկայուն հրադադար» մը հաստատել Սուրիոյ մէջ: Երկու գերտէրութեանց արտաքին գործոց նախարարները տարբեր առիթներով կը խօսին հրադադարի պահպանման անհրաժեշտութեան մասին: ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցերով յատուկ բանագնաց Սթեֆան Տէ Միսթուրայի կազմակերպած ժընեւեան բանակցութիւներուն մասին բոլոր կողմերը ունին նոյն տեսակէտը եւ անոնց կողմէ այս բանակցութիւնները արդէն կը համարուին «մեռեալ» բանակցութիւններ: Այս առումով երեւելի է, որ ընդդիմութեան գլխաւոր մղիչ ուժ հանդիսացող Ռիատը եւս կը հասկնայ, որ Սուրիոյ տագնապին հանգուցալուծման հանգրուանը տակաւին չէ հասունցած: Մինչ ընդդիմադիր կողմերը իրենց ունեցած խաղաքարտերը կը փորձեն տարբեր հնարք-ներով դնել բանակցութեանց սեղանին, անդին Սուրիոյ իշխանութիւնները կը թուին աւելի հանգիստ ըլլալ:
Ռուսական միջամտութեամբ եւ նեցուկով ամրագրուած սուրիական բանակը կը շարունակէ կռուիլ տարբեր ճակատներու վրայ: Իշխանութիւնները նոյնպէս կը փորձեն բանակցութեանց սեղանին ներկայանալ իրապաշտ եւ գործադրելի առաջարկներով:
Սակայն նոյն բանակը այսօր ի զօրու չէ արեան գնով նոր մաքառումներու երթալ, գրաւելու այն հատուածները, որոնք կը գտնուին իր իշխանութենէն դուրս, բայց յստակ է, որ այդ բանակը չի գտնուիր վերջնական հատնումի կամ պարտութեան դռներուն առջեւ:
Եթէ զինուորական որեւէ մեծ շարժ պիտի կատարուի, ապա այդ մէկը պայմանաւորուած պիտի ըլլայ բացառապէս միջազգային դաշնակից ուժերու մասնակցութեամբ ըլլալիք գործողութեամբ, կամ՝ «կանաչ լոյս»ով: Այս առումով պէտք է լաւապէս հասկնալ, որ ըլլալիք որեւէ յառաջխաղացում պէտք է ըլլայ «բոլորին համար եւ՝ յանուն»: Այսինքն բացառուած է, որ Ռիատի հովանին վայելող «Ճայշ Ալ-Իսլամ»ը կամ Քաթարի եւ այլ երկիրներու օրհնութիւնը կրող «Ալ-Նուսրա» ճակատը յաւելեալ դիրքեր կորսնցնեն ու պարտուին: Այսօրուան գլխաւոր թիրախը եւ տեղաշարժ կատարելու առանցքը «Իրաք-Շամի իսլամական պետուպիւն»ն է, որուն անպարտելիութիւնը նոյնպէս հովանաւորուած է մինչեւ ցնոր տնօրինութիւն:
Այս խճճուած պատկերին առջեւ յստակ է նաեւ, որ վաղուան Միջին Արեւելքի հիմնական սահմանները կը գծուին Սուրիոյ մէջ: Ու այս բոլորէն անդին, այսօրուան խաղացողներուն կամքը այդքան ալ կարեւոր չէ, որքան կամքը Միացեալ Նահանգներուն, որ սակայն յառաջիկայ ամիսներուն զբաղուած պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութեան օրակարգով:
Ապահովական առումով Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն վճռած են ամէն գնով պահպանել ներկայիս գործող հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը: Իսկ ընդդիմութեան կողմէ գետնի վրայ կատարուած բոլոր փորձերը կը միտին ամրապնդել իրենց դիրքերը, սակայն առանց շօշափելի արդիւնքներու հասնելու:
Սուրիոյ մէջ ընթացող զարգացումները կրնան աւարտիլ միայն այն ժամանակ, երբ պատրաստ ըլլայ շրջանին համար արդէն իսկ գծուած նոր քարտէսը, որ հիմքը պիտի դառնայ նոր «Սայքս-Փիքօ»յատիպ համաձայնութեան մը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան