ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ
Սուրիոյ ճգնաժամը անհաւատալի ողբերգութիւններ կը ծնի ամէն օր, ընթանալով անսանձալի հունի մը մէջ։ Այսօր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը արտահերթ բաց ժողով մը կը գումարէ՝ մանաւանդ Հալէպի շուրջ վերջին օրերուն ստեղծուած օրհասական վիճակին շուրջ։ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ տեղի կ՚ունենայ ժողովը՝ Հալէպի կատաղի կռիւներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։
Խորապէս մտահոգիչ առկայ վիճակին մէջ ՄԱԿ դատապարտեց հիւանդանոցներուն վրայ կատարուած յարձակումները։ Այսօրուան ժողովին ընդառաջ, ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունն ալ յայտնեց, որ Հալէպի մէջ պատերազմական ոճիրներ կը գործուին եւ քաղաքէն ներս կրակը պէտք է դադրի ի գին ամէն ինչի։
Սուրիոյ պատերազմի ամենէն թէժ օրերը կ՚ապրի Հալէպը: Բառին ամենէն լայն առումով Սուրիոյ ճարտարարուեստի եւ տնտեսութեան սիրտ համարուող պատմական շունչ ունեցող Հալէպը ոչ միայն աւերակուած է, այլ բոլոր առումներով կ՚արիւնահոսի: Շաբաթ մը առաջ երբ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա նախնական համաձայնութեան մը կու գային Փետրուարէն ի վեր առկայ հրադադարը վերստին ամրացնելու, համաձայնութեան մէջ չէր յիշատակուեր Հալէպը: Զարմանք առթող այս լուրէն ետք սեւ Երկուշաբթի օրով սկիզբ առած ծանր հրթիռարձակումները նոր վէրքեր կը բանային վիրաւոր քաղաքին մէջ: Մէկ կողմէ Սուրիոյ կառավարական ուժերու տարբեր բանբերներ կը յայտնէին շրջանը զինեալներէ «մաքրելու» մասին, անդին ընդդիմադիր զինեալներ երէկ նոր ճակատներ բանալով կը փորձէին ամէն գնով յառաջխաղաց կատարել տարբեր ճակատներու վրայ: Մինչ այդ, Հալէպը հանդիստաես կը դառնար ամենէն ծանր հրթիռարակոծումներու: Տարբեր լրատուական գործակալութիւններ Հալէպի մէջ եղած իրադրութիւնը կը բնորոշէին որպէս դժոխային: Արաբական «Ալ Մայատին» կայանը կը հաղորդէր, որ Սուրիոյ պատերազմին մասնակից ընդդիմադիր զինեալներ հրթիռներ նետած են Հալէպի «Ալ Տըպպիթ» հիւանդանոցին վրայ, որուն հետեւանքով զոհուած են տասնմէկ անձեր: Կը հաղորդուէր, որ հիւանդանոցը կանանց յատուկ հիւանդանոց է: Նոյն աղբիւրը կը յայտնէր, որ այս հինգերորդ հիւանդանոցն է, որ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին հրթիռարձակումներու թիրախ կը դառնար: Այսօրուան հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուածներուն թիւը կը հասնէր քսանութի եւ զոհերուն մեծամասնութիւնը անզէն քաղաքայիններ են կամ բուժման համար հիւանդանոցի մէջ գտնուող հիւանդներ: Գալով քաղաքի հայկական բնակչութեան՝ կարելի է ըսել, որ հայութիւնը եւս կ՚ապրի ծանրագոյն օրեր: Անցեալ շաբաթ պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով կը զոհուէին երեք հայորդիներ: Կանուխ է բնութագրումներ կատարել մինչեւ այս պահը Հալէպի մէջ դիմացող մեր հայրենակիցներուն մասին, սակայն մէկ բան յստակ է, որ զինուորական գործողութիւններուն լրումով Հալէպէն հեռանալ ուզողներուն թիւը կրնայ աճ արձանագրել:
Երկու կողմերու հակամարտութիւնը բնականաբար կապ ունի ժընեւեան բանակցութիւններուն հետ, ու հակառակ անոր որ գերտէրութիւնները համաձայնական լեզուով մը կը խօսին, գետնի վրայ իրավիճակը հետզհետէ կը դառնայ անյստակ, բայց մանաւանդ անկառավարելի:
Կը մնայ հարցադրումը. մինչեւ ե՞րբ Հալէպը ու անոր անզէն քաղաքացիները պիտի շարունակեն պատերազմի արհաւիրքին զոհերը դառնալ: Ու մանաւանդ մինչեւ ե՞րբ Հալէպը պիտի շարունակէ բանակցութեանց սեղանին վրայ առեւտուրի առարկայ դառնալ: