ԲԱՑ ԽԱՂԱՔԱՐՏԵՐ
Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ առանցքին վրայ միշտ օրակարգի վրայ է Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացը։ Անգարա եւ Ուաշինկթըն հերթական անգամ շեշտեցին՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման կարեւորութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտընի ազգային անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկման նիւթ դարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Թէ՛ Պեշթեփէի եւ թէ Սպիտակ տան կողմէ հերթական անգամ մատնանշուեցաւ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման կարեւորութիւնը։
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլիի հետ։ Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի օրակարգային նիւթեր՝ ներառեալ այն ծրագրերը, որոնք միտուած են յառաջիկային ամրապնդել այս երկու հարեւան երկիրներու ռազմավարական համագործակցութիւնը։ Նախարարները անդրադարձան նաեւ բազմակողմանի օրակարգային հարցերու։ Միրզոյեան պաշտօնակցի նկատառման յանձնեց երկրի հիւսիսի վերջին հեղեղներու հետեւանքները, որոնց յաղթահարման նպատակով ձեռնարկուած են աշխատանքներու։ Տարչիաշվիլին ալ նշեց, որ Վրաստան, ըստ անհրաժեշտութեան, պատրաստակամ է օժանդակութիւն ցուցաբերելու։
Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեանն ալ այս առաւօտ անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ «Երեւան Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս կ՚ակնկալէ յստակ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս կողմերու միջեւ շարք մը հարցերու շուրջ բաւական լայն փոխադարձ ըմբռնում մը գոյացած է։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս՝ մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Արարատ Միրզոյեան, որ ըսաւ. «Ակնյայտօրէն արդէն ժամանակն է, որ մենք տեսնենք նաեւ գետնի վրայ յստակ իրականացուող պայմանաւորուածութիւններ»։ Միրզոյեան աւելցուց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ շատ առողջ երկխօսութիւն մը գոյութիւն ունի, կան նաեւ պայմանաւորուածութիւններ, որոնցմէ հիմնականները, դժբախտաբար, առայժմ կեանքի չեն կոչուած՝ պայմանաւորուած երրորդ գործօններով։
Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Կովկասի հարցերով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ երէկ Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Քննարկուեցան նոյնպէս Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցեր։