ԼԵՄՔԻՆԻ ԿԱՃԱՌԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԱԼԻԵՒԻՆ
Լեմքինի ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման կաճառը կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, որպէսզի ազատ արձակուին այն բոլոր հայ գերիները, որոնք ապօրինաբար կը պահուին Պաքուի մէջ։ Կաճառը այս ուղղութեամբ ձեռնարկած է նաեւ ստորագրահաւաքի մը։
«Բարերար, մարդասէր, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ձերբակալուած է Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ եւ ապօրինաբար կը պահուի այլ նշանաւոր հայերու հետ։ Ժամանակն է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անյապաղ ազատ արձակէ այս հայերը», ընդգծուած է կաճառին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, ուր խորապէս մտահոգիչ կը համարուի խնդրոյ առարկայ անհատներու առողջութեան վիճակին վերաբերեալ շատ սահմանափակ տեղեկատուութիւնը։
Լեմքինի կաճառը շեշտած է, որ այս անձերը կալանաւորուած են թէ՛ ներքին եւ թէ միջազգային իրաւունքի ակնյայտ խախտումներով։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղութեան պայմանագիր պէտք է ներառէ անոնց ազատ արձակումը։ Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է նաեւ, որ իւրաքանչիւր օրը կարեւոր է բանտարկեալներու կեանքին համար։
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ընդգծած է նաեւ, որ անցեալ տարի պատահած Արցախի վերջնական հայաթափումը անվիճելիօրէն էթնիք զտում մը կը համարուի եւ աշխարհի մեծամասնութիւնը համաձայն է այս ուղղութեամբ։