ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱՅՑ

Հայաստանի ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան դէպի Լիուպլիանա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ Սլովենիոյ ազգային ժողովի նախագահ Ուրշքա Քլաքոչար Զուփանչիչի կողմէ։ Այս այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ ի նշանաւորումն Երեւանի եւ Լիուպլիանայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին։

Ալէն Սիմոնեան յոբելենական այս փուլին շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Սլովենիոյ միջեւ ձեւաւորուած են բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն եւ ամուր միջքաղաքական խորհրդածութիւններ։

Երեքշաբթի, Յունիս 4, 2024