«ԻՍՔԱՆՏԷՐ-Մ». ԳԱՂՏՆԻ՞Ք

Ռու­սաս­տան Հա­յաս­տա­նի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ՝ «Իս­քան­տէր-Մ» տե­սա­կի հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գեր մա­տա­կա­րա­րե­լու շուրջ։ Հա­մա­պա­տաս­խան պայ­մա­նա­գի­րը տա­կա­ւին ստո­րագ­րուած չէ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ի­ԹԱՐ-ԹԱՍՍ գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը ռու­սա­կան ռազ­մա­թեք­նիկ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բնա­գա­ւա­ռի աղ­բիւր­նե­րու տուեալ­նե­րուն հի­ման վրայ տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս հա­մա­ձայ­նագ­րե­րուն վե­րա­բե­րեալ ամ­բողջ տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը գաղտ­նիք կը հա­մա­րուի։

Ա­ւե­լի ա­ռաջ այս հրթիռ­նե­րու ար­տադ­րու­թեան գրա­սե­նեա­կը յայ­տա­րա­րած էր, թէ մին­չեւ 2016 թուա­կա­նը «Իս­քան­տէր» հա­մա­կար­գե­րը պի­տի չվա­ճա­ռուին դուր­սը։ Բայց այդ հա­մա­կար­գե­րը ընդգր­կուած են այս սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու ցան­կին վրայ, ո­րոնց վա­ճառ­քը ար­տա­սահ­մա­նի մէջ կը թոյ­լատ­րուի։ Ան­ցեալ տա­րի Ղա­զա­խիս­տան հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տուած էր ա­նոնց նկատ­մամբ, իսկ այս տա­րուան Յու­նի­սին՝ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա­յէն պա­տուի­րա­կու­թիւն մը այ­ցե­լած էր Մոս­կուա՝ մաս­նակ­ցած այն­տեղ կազ­մա­կեր­պուած ժա­մա­նա­կա­կից սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ֆո­րու­մին, որ­պէս­զի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րէ «Իս­քան­տէր» հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գեր ա­պա­հո­վե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ նա­խըն­թաց օր Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը վա­ւե­րա­ցուց՝ Ռու­սաս­տա­նէն 200 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ վարկ ստա­նա­լու վե­րա­բե­րեալ պայ­մա­նա­գիր մը, որ նա­խա­տե­սուած է ռու­սա­կան ար­տադ­րու­թեան նո­րա­գոյն սպա­ռա­զի­նու­թիւն­ներ գնե­լու հա­մար։ Քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար Ա­րա Նա­զա­րեան յայ­տա­րա­րած էր, թէ այդ վար­կէն ոչ մէկ լու­մայ պի­տի օգ­տա­գոր­ծուի ու­րիշ ծախ­սեր փա­կե­լու նպա­տա­կով։ Ըստ ի­րեն, Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը կ՚ու­նե­նան նո­րա­գոյն սպա­ռա­զի­նու­թիւն­ներ, ինչ որ էա­կան նշա­նա­կու­թիւն կ՚ու­նե­նայ տա­րած­քաշր­ջա­նի ռազ­մա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան հա­մար։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բազ­մա­մի­լիոն տո­լար­նե­րու գոր­ծարք­նե­րով Ատր­պէյ­ճան կը նե­րա­ծէ Ռու­սաս­տա­նի մէջ ար­տադ­րուած զէն­քեր ու սար­քա­ւո­րում­ներ։ Սկիզ­բին Հա­յաս­տա­նի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը մտա­հո­գու­թիւն չէին յայտ­ներ այս մա­սին, բայց ա­ւե­լի վերջ սկսան դժգո­հիլ եւ հետզհետէ բարձրաձայնել իրենց անհանգստութիւնը։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015